29 Հունիսի, 2019

«ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԵՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 
Կիպրոս կատարած իր միօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Երեսփոխանական, Ազգային Վարչութեան ու Կրօնական ժողովներու միացեալ նիստին։
 
Նորին Սրբութիւնը նախ լսեց սրբազան հօր եւ երկու մարմիններու ատենապետերուն կողմէ ներկայացուած զեկոյցները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ թեմին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ թեմին դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց թեմի գործունէութեան գծով պետութեան հետ ունեցած սիրալիր յարաբերութեան, գաղութէն ներս գործող կառոյցներու աշխատանքներուն եւ շեշտեց գաղութէն ներս կատարուող աշխատանքներուն ներդաշնակութիւնն ու համագործակցութիւնը աւելի շեշտելու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է սատար հանդիսանալու թեմին առաւել կազմակերպման ու ծաղկման նպաստող ծրագիրներուն։ Իր խօսքին մէջ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց. «Գաղութ մը կ՚ընթանայ դէպի առաւել կազմակերպուածութիւն ու ծաղկում, երբ հոն կը տիրէ սերտ գործակցութիւն համայնքային կառոյցներուն միջեւ եւ ներդաշնակ գործունէութիւն»։
 
Յիշենք, որ երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին։ Իր հայրապետական պատգամին մէջ, Ան անդրադառնալով եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ընդգծեց գաղութին կեանքը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ու սկզբունքներով շաղախելու հրամայականը։
 
Յայտնենք, որ յաջորդ առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք։

More News