22 Հունիսի, 2019

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 89-ՐԴ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՆԿԱՐԱԳԻՐ ԿԵՐՏՈՂ ՈՒ ՄԱՐԴ ՊԱՏՐԱՍՏՈՂ ՀՆՈՑ Է, ՈՒՐԿԷ ԿԸ ԾՆԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՈՒ ԱԶԳԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐԸ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ամբողջացուց 2018-2019 կրթական տարեշրջանը` ազգին նուիրաբերելով նոր դպիրներ, կիսասարկաւագներ եւ աբեղաներ։ Եւ թէեւ Դպրեվանքին համար կրթական տարեվերջը սովորական իմաստով ուսումնական տարեշրջանի մը փակումը չէ՝ նկատի ունենալով Դպրեվանքին կրթական-դաստիարակչական ծրագիրին իւրայատուկ կառուցուածքը, սակայն ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը առիթ է թէ՛ սաներուն՝ իրենց սորվածը ներկայացնելու հանրութեան, եւ թէ ժողովուրդին՝ լսելու Դպրեվանքին տեղեկագիրը, վայելելու հայրենաշունչ գեղարուեստական յայտագիրը եւ ուրախանալու սաներուն յաջողութեամբ։

 

Այս տարի, 89-րդ տարեշրջանի հանդէսը նուիրուած էր հայ մեծ երաժիշտ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։ Արդարեւ, Ուրբաթ, 21 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակը լեցուած էր ծնողներով, եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած երիտասարդութեամբ եւ Դպրեվանքի բարեկամներով, բարերարներով, ուսուցիչներով եւ միաբան հայրերով։ Հանդիսութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։

 

Հայրապետական թափօրի մուտքէն ետք, երեկոն սկսաւ Դպրեվանքի քայլերգով։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեան, որ Դպրեվանքին յաջողութեան գաղտնիքը վերագրեց անոր առաքելութեան հաւատացող ազգային եւ հոգեւորական գործիչներուն ժրաջան աշխատանքին ու ընդգծեց, որ այս գիտակցութենէն մղուած Դպրեվանքը կը շարունակէ պատրաստել ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայողներ։

 

Ուղերձը ընթերցեց աւարտական նորընծաներէն Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան։ Ան ըսաւ, որ Դպրեվանքը եղաւ հոգեւոր տուն ու դաստիարակ, որ սորվեցուց ծառայել Աստուծոյ եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ եղաւ ուսման եւ գիտութեան աղբիւր, որ անսպառ իմաստութեան եւ գիտութեան աղբիւրէն՝ Աստուածաշունչէն սնանեց սաներուն հոգիները։ Ան իր օծակիցներուն անունով իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Դպրեվանքի անցեալի թէ ներկայի տեսչութեանց եւ ուսուցչակազմին, որոնք տիւ ու գիշեր աշխատելով, ջանք չխնայեցին դպրեվանեցիին հոգեմտաւոր կազմաւորման առաքելութեան մէջ։

 

Ապա, տեսչական միամեայ տեղեկագիրը զեկուցեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Առաջին հերթին, ան ներկայացուց ուսուցչակազմին փոփոխութիւնները եւ ուանողութեան պատկերը։ Հայր Սուրբը ներկայացուց նաեւ տիկնանց յանձնախումբին տարած աշխատանքը՝ գնահատելով անոր ցուցաբերած մայրական սէրը։ Տեսուչը անդրադարձաւ Դպրեվանքին հոգեւոր կեանքին եւ ընդգծեց, որ այդ կ՚իրականանայ թէ՛ աւանդական կերպերով, ինչպիսին են պատարագի մասնակցութիւնը, հոգեւոր համերգը եւ ուխտերթը, թէ ալ արդիական ձեւերով՝ ինչպէս համացանցի համար տարբեր ծրագիրներ պատրաստելու ճամբով։ Իսկ ուսումնական կեանքին եւ արտադասարանային աշխատանքներուն մասին խօսելով, ան մատնանշեց ուսանողներուն միջ­-դպրոցական մրցումներուն առաջնահերթ դիրք գրաւելը, սաներուն կողմէ Դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիքին մէջ լոյս տեսած գրական կտորները, երաժշտութեան եւ նուագի պահերը, արուեստի ու մշակոյթի ձեռնարկներու մասնակցութիւնը, խաղերը, պտոյտները եւ դաստիարակչական ու հաճելի ժամանցները։ Այս տարուան ձեռնադրութեանց եւ հունձքին մասին ան ըսաւ, որ շրջանաւարտ սաներէն երեքը ձեռնադրուեցան կուսակրօն քահանաներ, սակայն չորրորդը կամքի անկախ պատճառներով չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ ձեռնադրութեան եւ հետեւաբար մօտիկ ապագային պիտի ձեռնադրուի, իսկ քահանայից պատրաստութեան յատուկ դասարանէն մէկ քահանայացու աւարտելով՝ պիտի պատրաստուի իր ծառայութիւնը բերել հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր անդաստանին մէջ։

 

Հուսկ, տեսուչ հայր սուրբը մրցանակներու բաշխումը կատարեց երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված դպրեվանեցիներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը ձեռամբ Նորին Սրբութեան։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը։ Ան իր պատգամին կիզակէտը ունէր ուսման եւ վկայականի իսկական արժէքը, որ կը պարփակուի անհատին նկարագիրին մէջ։ Հայրապետը ըսաւ, որ Դպրեվանքը սովորական ուսումնարան մը չէ, այլ ոգեղէն ներկայութիւն է, եւ աւելին՝ նկարագիր կերտող ու մարդ պատրաստող հնոց է, ուրկէ կը ծնին ազգին ու եկեղեցիին ծառայողները։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ ազգ, հայրենիք, ժողովուրդ, նոյնիսկ հաստատութիւններ, զարգանալու համար հրամայական կարիքը ունին ներուժի, որուն էութիւնը մարդը ինքն է, իսկ մարդը ամէն բանէ առաջ ու վեր նկարագիր է։

 

«Այսօրուան պատգամս այս երեք տղաքն են», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ու շարունակեց, որ Դպրեվանքը իր վկայականը կու տայ միա՛յն արժանաւորին եւ անհրաժեշտութեան պարագային նոյնիսկ ետ կ՚առնէ զայն, որովհետեւ Դպրեվանքէն աւարտած հոգեւորականներուն հագած սքեմը լոկ համազգեստ մը չէ, այլ՝ նուիրում է, որ պէտք է նախանձախնդրութեամբ ու իմաստութեամբ արժեւորել. «Այս առաքելութեան կոչուած է Դպրեվանքն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը», նշեց ան։ Խօսքը ուղղելով աւարտող սաներուն, Հայրապետը յորդորեց անոնց ատակ ըլլալ սորվելու «Կեանքի Դպրեվանքէն», ինչպէս նաեւ սորվեցնելու՝ դիտել տալով, որ «Կեանքի Դպրեվանքը» շատ աւելի դժուարին մարտահրաւէրներ ունի։

 

Եզրափակելով իր խօսքը, Հայրապետը վերյիշեցուց, որ ոչ թէ քանակը, այլ որակն է կարեւորը եւ մաղթեց, որ նորընծաները իրենց ծառայութեամբ կարենան արժեւորել այն ինչ որ ստացան Դպրեվանքէն։ Իր պատգամի աւարտին Հայրապետը գնահատեց Դպրեվանքի տեսչութիւնը, ուսուցչաց կազմը, տիկնաց յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ յայտնի թէ անյայտ այն բոլոր անձները, որոնք զանազան ձեւերով նեցուկ կը կանգնին Դպրեվանքին։

 

Նշենք, որ հանդէսին ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրը կ՚ընդգրկէր տուտուկի, կիթառի եւ դաշնակի կատարողութիւններ, ինչպէս նաեւ «Արմաշ» երգչախումբի կողմէն հրամցուած փունջ մը Կոմիտասէն երգեր՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Օրդ. Յասմիկ Գասպարեանի։

More News