14 Հունիսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՍԱԽՕՍԷ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեան համաձայն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին Գերմանիոյ զանազան համալսարաններէ եկած խումբ մը՝ բաղկացած դասախօսներէ եւ դոկտորայի աստիճանի պատրաստուող ուսանողներէ։ Այցելութեան նպատակն էր լսել Վեհափառ Հայրապետը կրօնքին եւ քաղաքականութեան առնչութեան մասին՝ նկատի ունենալով, որ ներկաներուն մասնագիտութիւնը յիշեալ բնագաւառն է։

 

Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր ներածականէ մը ետք, կեդրոնացաւ պատմութեան Արեւելքի ու Արեւմուտքի մէջ միաստուածեան երեք կրօններու գծով տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին. ապա, բաղդատական մօտեցումով ծանրացաւ քրիստոնեայ-իսլամ կրօններուն վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով Միջին Արեւելքը, որպէս ծննդավայրը յիշեալ կրօններուն:

 

Հայրապետը նախ պարզեց քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ինքնահասկացողութիւնը, միշտ բաղդատական մօտեցումով. քրիստոնէութեան պարագային, պարզեց կրօնքին թէ՛ առնչութիւնը եւ թէ հեռաւորութիւնը քաղաքականութենէն, եւ իսլամութեան պարագային՝ նոյնացումը քաղաքականութեան հետ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց երկու պարագաներուն կրօնք-քաղաքականութիւն առնչութեան դրական եւ բացասական հետեւանքները: Ան նաեւ շեշտեց այս գծով հասարակաց յայտարարները երկու կրօններուն միջեւ։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց կրօնքին դերը որպէս բարոյական հեղինակութիւն՝ հաշտարարի եւ միջնորդի դերակատարութեամբ, ինչպէս նաեւ որպէս ճշմարտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան առաքեալ:

 

Աւելի քան ժամ մը տեւած դասախօսութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց ներկաներուն ուղղած հարցումներուն:

More News