20 June, 2011

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը զոր տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2010-11 կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութեան, 20 Յունիս, 2011-ին

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Է

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այն եզրափակիչ պատգամին, զոր տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2010-11 կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութեան, 20 Յունիս, 2011-ին:

 

Անգամ մը եւս դուք մասնակից դարձաք Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսին եւ վստահաբար զեկոյցներուն ու արտայայտութիւններուն մէջ նշմարեցիք պարզութիւն ու համեստութիւն՝ հեռու ամէն տեսակ քարոզչական մօտեցումներէ: Այս է Դպրեվանքը: Անոր կեանքին ու առաքելութեան մէջ ցուցական ու ձեւական երեւոյթներ ու նպատակներ գոյութիւն չեն կրնար ունենալ: Դպրեվանքը կը հաւատայ հաւատքով ու նուիրումով թրծուած գործին: Դուք նաեւ զգացիք աղօթքին զօրեղ ներկայութիւնը: Արդարեւ, Դպրեվանքը իր կեանքը աղօթքով կը լեցնէ. Դպրեվանքին մէջ մեր տղաքը աղօթքով կը սնանին, կը լիցքաւորուին. անոնք մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով կը լեցուին, որպէսզի օր մը մեր ժողովուրդին երթալով, զանոնք աղօթքով, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով սնուցանեն: Հո՜ս կը կայանայ Դպրեվանքին իւրայատկութիւնը, ինքնութիւնը: Յաճախ կ’ըսենք թէ Դպրեվանքը տարբեր է: Այո՜, Դպրեվանքը տարբեր է, սակայն ո՜չ իր արտաքինով, ո՜չ ալ իր կրթական ծրագրով. այլ՝ հայ մարդը կազմաւորելու ու առաքելութեան ղրկելու տեսիլքով ու յանձնառութեամբ:

 

Ամավերջի հանդէսի այս պահը Դպրեվանքին համար ամէն բանէ առաջ ու վեր շնորհակալութեան առիթ է, նախ ընծայուած Աստուծոյ, որ ահաւասիկ տարի մը եւս մեր աշակերտները, մեր ուսուցիչները, մեր միաբանները առատ բարիքներով ու շնորքներով լեցուց, որպէսզի զանոնք ի սպաս դնեն Դպրեվանքին կողմէ կատարուող  հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքներուն: Շնորհակալութիւն՝ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնք իրենց սիրտին, կեանքին ու մտածումներուն մէջ շարունակեցին պահել Դպրեվանքը: Շնորհակալութիւն՝ մեր բոլոր բարերարներուն, Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն սկսեալ մինչեիւ Փիւնիկ Հիմնադրամ, Պապիկեան Հիմնադրամէն մինչեւ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիկեան Հիմնադրամ եւ այն բոլոր յայտնի եւ անյայտ կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ անհատ ազգայիններուն, որոնք իրենց քրտինքով շահած վաստակէն բաժին հանեցին Դպրեվանքին: Շնորհակալութիւն՝ Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանին, որ այստեղ մեզի հետ կը գտնուի, այն սերտ գործակցութեան համար, որ սկսաւ անցնող տարիներուն Դպրեվանքին եւ յատկապէս մեր Միաբանութեան եւ Հայկազեան Համալսարանին միջեւ: Շնորհակալութիւն՝ մեր ուսուցիչներուն: Ես ալ ուսուցիչ եղած եմ եւ եմ, եւ գիտեմ թէ ինչ կը նշանակէ ուսուցիչ ըլլալ: Արդարեւ, երբ ուսուցիչը ուսուցիչ է, բառին վաւերական հասկացողութեամբ, ոչ թէ զանգակով սկսող ու զանգակով իր գործը աւարտող ձեւական ուսուցիչ, ուսուցչութիւնը կը վերածուի սրբազան առաքելութեան: Վստահ եմ որ մեր ուսուցիչները ա՜յս գիտակցութեամբ ու նախանձախդրութեամբ կատարեցին ու պիտի շարունակեն կատարել իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

 

Այս առիթով մեր յատուկ գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել Դպրեվանքի տեսչութեան, անցնող տարիներուն այս նուիրական յարկին տակ իրենց կատարած նուիրեալ ծառայութեան համար: Տեսուչ Սրբազանը՝ Շահէ Սրբազանը եւ Փոխ-Տեսուչ Հայր Սուրբը՝ Հայր Մակարը, յառաջիկայ տարեշրջանին այլ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնեն մեր թեմերէն ներս: Այս է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը: Մեզի համար ծառայութեան ձեւը ու տեղը կարեւոր չեն: Էականը ծառայութեան ոգի՜ն է, նուիրո՜ւմն է: Ծառայութիւնը իր իրաւ ու հարազատ իմաստը կը ստանայ՝ երբ նուիրումով կը կատարուի. ան արժէք կը դառնայ՝ երբ լսելով Աստուծոյ ձայնը եւ մեր ժողովուրդին հրաւէրը, հոգեւորականը ծառայութեան դաշտ կը նետուի առանց ակնկալութեան ու պայմանի: Մարդակեդրոն արժեչափեր գոյութիւն չունին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան համար: Մեր միակ արժեչափը մեր ամբողջական ու անանձնական ծառայութիւնն է՝ Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Մենք ժողովուրդէն կու գանք ու նոր մարդ դարձած, դարձեալ ժողովուրդին կ’երթանք միայն ծառայութեան դրօշը բարձր բռնած: Հո՜ս է մեր պատիւը, հո՜ս է մեր փառքը, հո՜ս է նաեւ մեր հզօրութիւնը:

 

Կը գտնուինք Դպրեվանքի ներկայ տարեշրջանի հունձքին դիմաց՝ չորս աբեղաներ եւ երկու քահանայացուներ: Յաճախակի առիթներով կը յիշեցնեմ մեր ժողովուրդին, կրկնութեան գնով դարձեալ կ’ուզեմ յիշեցնել, թէ մենք որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, քանակին չենք հաւատար, այլ՝ որակին: Քանակը ոչ մէկ արժէք ունի. երբ հոն բացակայ է որակը. եւ աւելին՝ քանակը կը դառնայ չարիքի աղբիւր երբ վերածուի չափանիշի ու նպատակի: Ու որակ ըսելով ես կը հասկնամ կազմաւորում, նուիրում, նկարագիր: Վա՜յ մեր եկեղեցւոյ, երբ անոր հաւատքի առաքելութեան լծուած հոգեւոր մշակին կը պակսին այս երեք հիմնական արժանիքները:

 

Մեր ժողովուրդի ծառայութեան լծուելու պատրաստ այս վեց երիտասարդները Դպրեվանքի հոգեմտաւոր քուրային մէջ կազմաւորուեցան: Անոնք այստեղ ո՜չ թէ բան սորվեցան, ո՜չ թէ միայն դաստիարակութիւն ստացան, այլ՝ սրբազան նպատակի մը ծառայելու պատրաստ առաքեալներ դարձան: Անոնց կեանքի ճամբան ու նպատակը ծառայութիւնն է միայն:

 

Սիրելի՜ ընծայեալներ, ինչպէս գիտէք, Քրիստոս ձկնորսներուն մէջէն ընտրեց աշակերտներ ու զանոնք կազմաւորեց իր ՙդպրեվանք՚ին մէջ: Արդարեւ, նաւուն վրայ, ճամբաներուն մէջ, լեռներու լանջին, ժողովուրդին մէջ ու մինչեւ Գողգոթայի բարձունքին Քրիստոս խօսեցաւ իր առաքելութեան մասին ու այդ առաքելութիւնը շարունակելու հաւատքով ու յոյսով կազմաւորեց իր աշակերտները: Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի վերջալոյսին իր աշակերտներուն ըսաւ՝ ՙգնացէք այսուհետեւ, աշակերտեցէք զամենայն հեթանոսս՚ (Մտ 28.19): Դպրեվանքին մէջ դուք եւս կազմաւորուեցաք, Քրիստոսին աշխարհ բերած ճշմարտութիւններով ու արժէքներով, եւ հիմա կը պատրաստուիք սկսելու ձեր առաքելութեան՝ մեր ժողովուրդին զաւակներու կեանքին մէջ ցանելու հոգեւոր թագաւորութեան սերմերը: Չմոռնանք, որ ներկայ աշխարհին չարիքները նաեւ թափանցած են մեր կեանքէն ներս: Մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ հեթանոսացած մտածողութիւններ ու կենցաղակերպեր սկսած են իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձնել: Դուք կոչուած էք Սուրբ Աւետարանի հաւատքով ու ճշմարտութեամբ պայծառակերպելու կեանքը մեր ժողովուրդին:

 

Յաճախ կը լսենք, թէ աշխարհը փոխուած է: Ճի՜շդ է, աշխարհը փոխուած է. սակայն արժէքները չեն կրնար փոխուիլ: Վաւերական արժէքները յարաբերական ու ժամանակաւոր չեն, անոնք մնայուն են: Մենք արժէքներուն պիտի կառչինք ո՜չ պայմաններուն. սկզբունքներուն՝ ո՜չ անձերուն. մնայունին՝ ո՜չ պարագայականին: Մեր կեանքին ու մեր առաքելութեան առանցքը ո՜չ մեր անձը պիտի ըլլայ, ո՜չ մեր շահը եւ ո՜չ ալ կողմնակի նկատումները: Դուք, որպէս դեսպանները Քրիստոսի, մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեր ժողովուրդին պիտի տանիք յաւերժահունչ արժէքները, գերագոյն սկզբունքները ու աստուածային ճշմարտութիւնները Սուրբ Աւետարանին:

 

Ահաւասիկ մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Մեր առաքելութիւնը հաւաքական է: Յաճախ կը յիշեցնենք մեր միաբաններուն, թէ մենք միաբաններ չենք, այլ Միաբանութիւն ենք՝ լծուած հաւաքական առաքելութեան ու ծառայութեան: Ու մենք արժէք ենք այնքանով որ մասնակից կը դառնանք մեր հաւաքական առաքելութեան: Կը սպասեմ որ ա՜յս գիտակցութեամբ եւ նպատակասլաց տեսիլքով ու մանաւանդ տոկուն հաւատքով ու ամբողջական նուիրումով ձեր գործօն մասնակցութիւնը բերէք մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով:

 

Մենք պէտք ունինք այնպիսի մարդերու, որոնք մեր ազգին, մեր եկեղեցւոյ ու հայրենիքին վերաշինութեան ու հզօրութեան կը բերեն իրենց նպաստը: Դպրեվանքը լծուած է նման մարդերու պատրաստութեան սրբազան առաքելութեան: Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի շարունակեն մնալ մեր սիրելի Դպրեվանքի կողքին, որպէսզի անիկա կարենայ վերանորոգ նուիրումով շարունակել իր առաքելութիւնը: Կ’աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ միշտ զօրեղ ու կենսունակ պահէ Դպրեվանքը՝ սիրտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

More News