9 Հունիսի, 2019

ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեանի։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ուրախութիւնը ունեցաւ իր սաներէն տասնվեցը յանձնելու հայ եկեղեցւոյ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց դասուն։ Դպրութեան կարգ ստացան 11 ժառանգաւորներ՝ Երուանդ Եղիայեան, Ներսէս Իսահակեան, Սարգիս Մարտիրոսեան, Գաբրիէլ Պետրոսեան, Աւետիս Պետրոսեան, Գէորգ Այվազեան, Գաբրիէլ Թահանեան, Մինաս Ճանսզեան, Խաչիկ Մարտիրոսեան, Գարլօ Մարտիրոսեան եւ Յովհաննէս Պայտունեան, իսկ կիսասարկաւագական կարգ ստացան հինգ ընծայարանականներ՝ Տեմիս Այվազեան, Հրակ Գալայճեան, Շանթ Գատէհճեան, Էմմանուէլ Սիրջանեան եւ Նարեկ Ֆիլիկեան։

 

Ձեռադրիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հոգեգալստեան տօնին։ Խօսելով տօնին պատգամին ու Վերնատան մէջ առաքեալներուն վրայ հանգչած կրակէ լեզուներու պատկերով Սուրբ Հոգիին մասին, հարց տուաւ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ այդ օր առաքեալներուն եւ թէ ի՛նչ պէտք է պատահի այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ։ Առ այդ, ան մանրամասն անդրադարձաւ առաքեալներուն հոգիներուն ու սրտերուն մաքրութեան եւ Ս. Հոգիով մկրտութեան շնորհքին։ Սրբազան Հայրը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը հետեւելու անոնց օրինակին ու գօտեպնդուելու Աստուածային իմաստութեամբ ու քաջութեամբ, որովհետեւ այսօր ամէն բանէ աւելի կարիքը ունինք առաքեալներուն նման խօսելու ճշմարտութիւնը։ Վերջապէս խօսքը ուղղելով նոր ձեռնադրուած դպիրներուն ու կիսասարկաւագներուն՝ Սրբազանը ընդգծեց, որ այս տօնին առիթով ստացած իրենց ձեռնադրութիւնը պէտք է զիրենք մղէ Ս. Հոգիի նախանձախնդրութեամբ ու հեզութեամբ ծառայելու Աստուծոյ, եկեղեցիին ու մեր ժողովուրդին։ Ձեռնադրիչ Սրբազանը իր քարոզը եզրափակեց իր որդիական շնորհակալութիւնը յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելով զինք, Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու ուսուցչաց կազմը, ծնողներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, ձեռնադրութեան առթիւ։

 

Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր, Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու նոր ձեռնադրուած դպիրներն ու կիսասարկաւագները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։

More News