8 Հունիսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Վերջին երկու օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ունեցաւ հետեւեալ հանդիպումները.-

 

ա. Լիբանան եւ Սուրիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեանց ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին, հանդիպում մը ունեցաւ Սերպիոյ Իրէնաոս պատրիարքին հետ: Ապա, Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եուհաննա պատրիարքին հետ Նորին Սրբութիւն ներկայ եղաւ ի պատիւ Սերպիոյ պատրիարքին տրուած ճաշկերոյթին:     

 

բ. Յաջորդ օր, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Կոկիկեան կրթական հիմնադրամի հիմնադիր Միշէյլ Կոկիկեանը: Յայտնենք, որ Վենեզուելայի մէջ հաստատուած Միշէյլ Կոկիկեան, շուրջ 10 տարիներ առաջ, ընդառաջելով Նորին Սրբութեան փափաքին իր հանգուցեալ հօր յիշատակին Լիբանանի մէջ հիմնած էր համալսարանական ուսման յատուկ կրթական ֆոնտ մը: Միշէյլ Կոկիկեան Հայրապետին զեկուցեց ֆոնտին վերջին շրջանի աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոր պարզեց յառաջիկայ նոր ծրագիրները: Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ֆոնտին կատարած աշխատանքները, կոչ ուղղեց համալսարանական ուսանողներուն առաւելագոյն չափով օգտուելու ֆոնտին տրամադրած կարելիութիւններէն:

 

գ. Այս առաւօտ՝ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի: Խօսակցութեան առանցքը դարձաւ Յուլիս ամսուան սկիզբը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք հայ մամուլի նուիրուած համահայկական համագումարին հետ առնչուած նիւթեր:

More News