1 Հունիսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 31 Մայիս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրական եւ ուսանելի հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի ուսանողութեան հետ, որոնք հաւաքուած էին Վեհափառ Հայրապետը լսելու աստուածաբանական այժմէական բնոյթ ունեցող հարցերու շուրջ:

 

Իր բացման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ քանի մը ժամուան մէջ աստուածաբանական հարցերու շուրջ համապարփակ քննարկումներ կատարել կարելի չէ, հետեւաբար ան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կարգ մը հարցեր, որպէսզի ներկաները իրենք հարցումներ ուղղեն թէ՛ իրենց լսածին եւ թէ՛ զիրենք հետաքրքրող հարցերու շուրջ:

 

Առաջին հերթին, Հայրապետը պարզեց աստուածաբանութիւն հասկացողութիւնը յարաբերաբար այլ գիտութիւններուն եւ իր իւրայատկութիւնը եւ տարբերութիւնը միւս գիտութիւններէն: Ապա, ան խօսեցաւ աստուածաբանութեան ու գիտութեան յարաբերութեան եւ տարբեր մօտեցումներու մասին՝ շեշտելով, որ ներկայ ժամանակներուն անոնք կը գործակցին պահելով հանդերձ մօտեցման ու շեշտաւորումի տարբերութիւնները: Այս ծիրէն ներս Հայրապետը բաղդատական մը կատարեց քրիստոնէութեան ու իսլամութեան միջեւ՝ հասարակաց ու տարբեր մօտեցումները մատնանշելով:

 

Նորին Սրբութիւնը, նաեւ անդրադարձաւ կենսոլորտային հարցերու գծով աստուածաբանութեան մօտեցման, որ դժբախտաբար անտեսուած է տնտեսական ու երկրաբանական ազդակներու տիրապետող ներկայութեամբ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ պարզեց տիեզերքի ու մարդկային կեանքին մէջ բարիի ու չարի ներկայութիւնը, շեշտելով, թէ բարին գոյութիւն է Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած, իսկ չարը գոյութիւն չէ, այլ՝ բարիին բացակայութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը, նաեւ բացատրեց Երրորդութեան հասկացողութիւնը ընդգծելով, որ ճիշդ պէտք է ըմբռնել Երրորդութիւնը, այլ խօսքով երեք անկախ անձեր չկան աստուածութեան մէջ, այլ մէկ անձնաւորութիւն, մէկ իշխանութիւն, մէկ գործունէութիւն, մէկ բնութիւն՝ երեք տարբեր դերերով, որոնք կը ճշդեն իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը:

 

Հայրապետը նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ յայտնութեան քրիստոնէական ըմբռնումին եւ այդ շրջագիծէն ներս Աստուածաշունչի ու Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան: Աստուածաբանութեան կարգ մը գլխաւոր կէտերու մասին տրուած ներածական բացատրութենէն ետք, ուսանողներ շարք մը հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբութեան ունենալու համար իր տեսակէտը կամ վերլուծումը եւ փափաք յայտնեցին, որ յառաջիկայ տարի յաճախակի առիթներով Վեհափառ Հայրապետը խօսի իրենց աստուածաբանական այժմէական հարցերու մասին:

 

Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարան Հայագիտութեան կեդրոնը կազմակերպման ու ծաւալման ընթացքի մէջ է թէ՛ ուսանողներու, թէ՛ ուսուցիչներու եւ թէ՛ դասաւանդող նիւթերու հետզհետէ զարգացող որակով ու քանակով:

More News