25 Մայիսի, 2019

ԱՐՄԵՆՈՖԱՍ-Ի ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 25 Մայիս 2019-ին, ամբողջ օրը, Արմենոֆասի տարեկան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

 

Արմենոֆաս-ը Զուիրցերիոյ եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մըն է, որուն կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւի մէջ եւ ատենապետն է Փրոֆ. Թենի Սիմոնեանը։ Ս. Աթոռին ներկայացուցիչներն են Յունասատնի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Ալէք Քէօշէեան եւ Հայկուհի Եաղճեան:

 

Յիշեալ յանձնախումբը կը շարունակէ Ցեղասպանութեան շրջանին զուիցերիացիներուն կողմէ հայ ժողովուրդին կատարուած ընկերային օգնութիւնը ու ցուցաբերուած բարեկամութիւնը:

 

Հանդիպման ընթացքին Արմենոֆաս-ը քննարկեց շարք մը օրակարգի հարցեր՝ կազմակերպչական, տնտեսական, վարչական եւ ծառայական բնոյթ ունեցող:

 

Իր բացման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց երեք կէտեր.- ա) Արմենոֆաս-ը պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը՝ կենդանի պահելով հայ-զուիցերիական բարեկամութիւնը: բ) Արմենոֆաս-ը կոչուած է Զուիցերիոյ նոր սերունդին յիշեցնելու զուիրցերիացի ժողովուրդին զօրակցութիւնը Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ շարունակելու զայն ներկայ պայմաններու հրամայականին լոյսին տակ: Եւ գ) Արմենոֆաս-ը պէտք է փոխէ իր գործունէութեան բնոյթը, նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայ մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ յիշեալ երեք կէտերուն շուրջ յանձնախումբը քննարկումներ կատարէ թէ՛ հանդիպման ընթացքին եւ թէ յառաջիկային: Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներուն, որոնք վերանորոգ թափով կը շարունակեն իրենց գործակցութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ:

More News