18 Մայիսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Զաւարեան Ուսանողական Միութեան անդամներուն, որոնք եկած էին Նորին Սրբութեան հայրական խօսքերը ունկնդրելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու։

 

Հանդիպման սկիզբը խօսք առնելով Միութեան ատենապետ Մհեր Գաւլաքեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջելով իրենց փափաքին՝ առիթ ընծայեց այցելելու Անթիլիասի Մայրավանք, լսելու իր հայրական յորդորները եւ վերանորոգուելու իրենց ազգային առաքելութեան մէջ։ Ապա, ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Ուսանողական Միութեան աշխատանքներն ու ծրագիրները։

 

Իր խօսքի սկզբնաւորութեան, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Միութեան անդամներուն ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ եւ գնահատեց Միութեան տարած աշխատանքները։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպամ ընթացքին, Հայրապետը երիտասարդներուն ընդհանուր կերպով ներկայացուց մեր ժողովուրդը յուզող գլխաւոր հարցերը եւ դիմագրաւող մարտահրաւէրները՝ յատկապէս շեշտելով երիտասարդութեան դերակատարութիւնը։ Խօսելով երիտասարդութեան մասին, ան ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը սոսկ քննադատողի կամ հետեւողի դերին մէջ պէտք չէ ըլլայ, այլ ան իր մասնակցութիւնը պէտք է բերէ մասնակցողի դերակատարութեամբ՝ մեր եկեղեցական թէ ազգային կեանքին մէջ։ Երիտասարդութեան մասնակցութիւնը պէտք է ըլլայ առանց սեռի կամ տարիքի խտրականութեան, որովհետեւ ան մայր ջիղը կը կազմէ որեւէ ազգի, կազմակերպութեան, համայնքի կամ ընկերութեան, շեշտեց Հայրապետը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ նահանջն ու մաշումը սկսած են Սփիւռքի մէջ դառնալ զգալի ներկայութիւն։ Մեր կառոյցները կարիքը ունին վերանորոգման։ Այս ուղղութեամբ երիտասարդութեան դերը կը նկատեմ կենսական, որովհետեւ ան է որ նոր արիւն պիտի ներարկէ մեր կեանքին, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Հանդիպման վերջաւորութեան, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց երիտասարդներուն ուղղած հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին, կառոյցներէն ներս երիտասարդութեան դերակատարութեան եւ գաղութներու վերակազմակերպման։ Ապա, ատենապետը Միութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։

More News