9 Մայիսի, 2019

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԵՐՈՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ

Այսօր, երբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կը գումարուի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, յանուն մեր Ս. Աթոռի թեմերու ժողովուրդին, ջերմօրէն կ՚ողջունենք Շուշիի ազատագրումը, 8 Մայիս 1992-ին։

 

Արդարեւ, պատմական ու ռազմավարական եզակի կարեւորութիւն ունեցող դէպք մըն էր Շուշիի ազատագրումը։ Արցախի արի ժողովուրդը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով վերատիրացաւ իր բռնաբարուած իրաւունքին, իր պապերու աղօթքով ու արիւնով շաղախուած հայրենի հողին։

 

Մայիս 8 թուականը յաղթանակի ու ցնծութեան օր է։ Ան պէտք է դառնայ նաեւ յանձնառութեան եւ ուխտի վերանորոգման օր։  

 

Արցախի մեր ժողովուրդը պէտք է ամրօրէն կառչած մնայ ծով զոհողութեամբ վերատիրացած իր ինքնորոշման իրաւունքին՝ առաւել ծաղկեցնելով եւ հզօրացնելով Արցախը։   

 

Արցախի քաջ բանակը վստահաբար պիտի շարունակէ իր հայրենի հողին արթուն պահապանն ու հզօր պաշտպանը մնալ։ 

 

Հայ ժողովուրդը ու յատկապէս Սփիւռքը կոչուած է իր անվերապահ զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու Արցախի նկատմամբ։

 

Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը վերահաստատէ իր ամբողջական յանձնառութիւնը՝ մասնակից դառնալու Արցախի հզօրացման հրամայական գործին։ 

 

Փա՜ռք Շուշիի ազատագրութեան ճանապարհին իրենց արիւնը թափած մեր հերոսներուն։  

 

Պատի՜ւ Արցախի անվտանգութիւնը ու անկախութիւնը պաշտպանող հայոց բանակին։

 

8 Մայիս 2019

Անթիլիաս

 

 

More News