16 Ապրիլի, 2019

«ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ» ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ շաբաթը մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանն է, որուն ընթացքին Ան կ՚ենթարկուի ամենադառն տառապանքներու ու չարչարանքներու։ Հայ եկեղեցին զայն կը նշէ Աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեպարար յատուկ արարողութիւններու ճամբով։

 

Այս գծով, Աւագ Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Տասն Կուսանաց» նուիրուած ժամերգութիւնը, ուր Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանէն տասը աղջիկներ՝ իւրաքանչիւրը բռնած լապտեր մը, ներկայացան եկեղեցւոյ դաս։ Անոնք կը ներկայացնէին Քրիստոսի երկրորդ գալստեան հինգ պատրաստ եւ հինգ անպատրաստ կոյսերը։ Աւետարանական ընթերցումներէն ետք, Փեսային երկրորդ գալստեան հոգեպէս պատրաստները՝ «իմաստուն կոյսերը» վառ պահեցին իրենց լապտերը, իսկ միւսները՝ «յիմարները» մարեցին զանոնք։

 

Աւարտին, «Տասը կոյսերը»՝ ընկերակցութեամբ Մայր Տաճարի փոխ լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանին, բարձրացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մօտ։ Նորին Սրբութիւնը հայրական սիրով ընդունեց զանոնք, խօսեցաւ անոնց օրուան պատգամին մասին եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք։

More News