16 Ապրիլի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԽՈՐ ՑԱՒԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՓԱՐԻԶԻ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀՐԴԵՀԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարին մէջ ծագած մեծ հրդեհին համար իր խոր ցաւը կը յայտնէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին, Տաճարի հոգեւոր դասուն եւ Ֆրանսայի պետութեան ու ժողովուրդին։ 

Վեհափառ Հայրապետը եղած է Նոթր Տամ տաճարէն ներս եւ ծանօթ է անոր ներկայացուցած հոգեւոր, միջ-եկեղեցական ու պատմական իւրայատուկ կարեւորութեան։

More News