14 April, 2019

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՈՎ

Իւրաքանչիւր Ծաղկազարդ կրկնակի տօն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին համար, որովհետեւ այդ օր ո՛չ միայն կը նշուի Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, այլ նաեւ Մայրավանքը կը ծաղկազարդուի իր ժողովուրդով։ Այս տարի եւս, Անթիլիասի Մայրավանքը ողողուեցաւ մանուկներով, պատանիներով, երիտասարդներով ու հայ երիտասարդ ընտանեկան բոյներով, որոնք հաւաքուած էին նշելու հոգեպարար այս տօնը, զոր հաւատացեալները կը պատրաստէ Աւագ Շաբթուան՝ հասնելու Ս. Յարութեան։

 

Առ այդ, Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ։ Օրուան պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։ Պատարագի սկիզբը ընթացք առաւ մանուկներու աւանդական թափօրը։

 

Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը՝ շրջապատուած Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկներով, Վեհարանի պատշգամէն հաւատացեալ հոծ բազմութեան ուղղեց իր հայրապետական պատգամը։ Ողջունելէ ետք ներկաները՝ Հայրապետը ըսաւ, որ ինչպէս Քրիստոս մուտք գործեց Երուսաղէմ ու դիմաւորուեցաւ հաւատացեալներու ցնծութեան ներքոյ, այնպէս ալ մեր կեանքը բանանք Քրիստոսի առջեւ, որպէսզի հոն մուտք գործելով Ան մեզի պարգեւէ առողջութիւն, յաջողութիւն եւ երջանկութիւն։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ հայ եկեղեցին միշտ ցուցաբերած է յատուկ սէր եւ գուրգուրանք մատղաշ սերունդին նկատմամբ, որովհետեւ ան պիտի կերտէ հայ ժողովուրդին լուսապայծառ ապագան։ «Ահաւասիկ, շրջապատուած եմ Կիրակնօրեայ վարժարաններու խումբ մը աշակերտներով, որոնց ներկայութիւնը կը ծաղկազարդէ մեր ժողովուրդին կեանքը՝ Լիբանան, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռս աշխարհի», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, ու իր գիրկը առնելով նորածին հայ մանուկ մը՝ շարունակեց. «Այս մանուկին ներկայութեամբ կ՚ողջունեմ մեր ժողովուրդի բոլոր մանուկները եւ կ՚աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհքներով ու բարիքներով պարուրէ եւ օրհնէ մեր բոլոր մանուկները, անոնցմէ հեռու պահէ չարիքը, որպէսզի անոնք միայն Աստուածային շնորհքներով մեծնան, մեր կեանքը լուսաւորեն ու մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը առաջնորդեն դէպի լուսապայծառ ապագայ»։

 

Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ մանուկներուն եւ իրենց ծնողներուն Վեհարան բարձրանալով եւ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալով, ինչպէս նաեւ յիշատակի լուսանկար նկարուելով։ Հայրապետը, իր կարգին, անոնց բաժնեց նուէրներ։

 

Նշենք, որ նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութեան։ Արարողութեան աւարտին քարոզեց ու Դռնբացէքի պատգամը փոխանցեց Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը։

More News