8 April, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՆԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի գիւղերու միութեան նախագահ Վանիկ Պէրպէրեանին։ Ան Լիբանան այցելած էր պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով, որպէսզի գործակցութիւն հաստատէ լիբանանի լաւագոյն հինգ գիւղերու հետ։

 

Յայտնենք, որ Վանիկ Պէրպէրեանը, որուն առաջին այցելութիւնն է Լիբանան, զաւակն է հանրածանօթ նկարիչ Արտաւազդ Պէրպէրեանին, որուն սրբապատկերները կը գտնուին Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ ան թոռն է մեծ մտաւորական եւ երաժիշտ Շահան Պէրպէրեանին, որ 50-ական թուականներուն եղած է Փիլիսոփայութեան ուսուցիչ Դպրեվանքին մէջ եւ յօրինած է շարք մը ազգային ու կրօնական երգեր։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս այցելութեան համար, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Արտաւազդ եւ Շահան Պէրպէրեաններ յատուկ տեղ ունին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ թելադրեց Վանիկ Պէրպէրեանին, որ շարունակէ օգտակար հանդիսանալ իր պաշտօնին ճամբով թէ Հայաստանին եւ թէ Ֆրանսայի Հայութեան։

 

Հանդիպման աւարտին, ան շրջեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակը եւ մօտէն ծանօթացաւ Մայրավանքին զանազան բաժանմունքներուն եւ տարուած առաքելութեան։

More News