6 Ապրիլի, 2019

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի խոր վիրապ մուտքի տօնին նախօրեակին եւ սուրբին անուան Մայր Տաճարի ուխտի օրուան առթիւ առաւօտեան տեղի կ՚ունենայ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ երեկոյեան՝ Հսկումի արարողութիւն։ Ուխտի օրուան առիթով նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս կը բերէ սուրբերու մասունքները եւ կը զետեղէ Կիլիկիայէն բերուած մասունքներու արկղին մէջ։

 

Արդարեւ, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Հսկումի արարողութեան նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին առաքելութիւնը կը ներկայացնէ քրիստոնէական հաւատքը ուսուցանելու կոչուած առաքելութիւն, որ կրօնական իմաստով կը նշանակէ դաստիարակել եւ մարդու կեանքին մէջ արմատացնել քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքները, արժէքներն ու ճշմարտութիւնները։ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ մեր երկրորդ լուսաւորիչը՝ Ս. Գրիգորը, հայ ժողովուրդին կեանքը Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած ուսուցումներով կազմաւորեց եւ նոր ինքնութիւն տուաւ անոր՝ հաւատքը նկատելով առանցքը հայ ժողովուրդի կեանքին։

 

Վեհափառ Հայրապետը ապա նշեց, որ անկարելի է հաւատքը անջատել մարդու կեանքէն ու գործունէութենէն. առ այդ, ան դիտել տուաւ, որ հին դարերուն հայ գրականութիւնը հարուստ եղած է հոգեւոր գրականութեամբ։ Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը առանձնացուց Համաստեղի «Աղօթարան» գործը՝ հատուած մը ընթերցելով անկէ։

 

Աւարտին, ան ըսաւ, որ հաւատքն է մեզի՝ ինքնութիւն, մեր գոյութեան՝ իմաստ ու մեր մտածումներուն թռիչք տուողը.- «Հաւատքը մեր կեանքի ճամբաները կը լուսաւորէ ու նպատակ եւ ուղղութիւն կու տայ անոր՝ զայն բարիով ու բարիքներով լեցնելով։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հաւատքի գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդեց։ Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը վկայ, թէ հաւատքը ի՜նչ հրաշքներ գործած է մեր ժողովուրդի  կեանքին մէջ։ Հետեւաբար, սիրելի՛ հաւատացեալներ, եկէ՛ք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի այս ուխտի օրուան առիթով, վերանորոգենք մեր ուխտը՝ մեր հաւատքը ամրացնելու մեր կեանքին մէջ» եզրափակեց Հայրապետը։

More News