30 March, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՀԱԼԷՊԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱՊԵՏՆԵՐԸ

Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ վերօծումէն ետք, Շաբաթ, 30 Մարտ 2019-ի կէսօրուան ժամը 12։30-ին,  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեր. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան վերօծուած եկեղեցիէն ներս ընդունեցին  Հալէպ նահանգի պետական եւ ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուները, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնապետներն ու զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։

Եկեղեցւոյ մուտքին, Վեհափառ Հայրապետը եւ թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հալէպի նահանգապետին ու քաղաքապետին ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ վերօծման առիթով զետեղուած յուշաքարին բացումը կատարեցին։ Ապա, եկեղեցիէն ներս, թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան նախ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն՝ Ս. Գիրքէն մէջբերումներ կատարելով: Սրբազան Հայրը Ազգ. Իշխանութեան անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց յատկապէս երկրիս նախագահին՝ վերանորոգման այս ծրագիրին իր նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան համար, ապա նաեւ Հալէպի նահանգապետին, քաղաքապետին, կուսակցապետին եւ բոլոր բարերարներուն ու եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքին նպաստողներուն։

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին խօսք առնելով ըսաւ, որ այսօր ուրախութեան օր է ոչ միայն սուրիայակութեան, այլ ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդին համար։ Նորին Սրբութիւնը աւելցուց. «Վերկանգնումը յաղթանակի նշան է։ Անցնող 8 տարիներուն ուրիշներ ուզեցին Սուրիան քանդել, բայց սուրիացիները յաղթեցին։ Սուրիացի ըսելով նկատի ունինք իսլամ ու քրիստոնեայ բոլոր համայնքները, որոնցմէ մաս մըն է հայութիւնը։ Սուրիոյ մէջ բոլոր համայնքները համահաւասար քաղաքացիներ են: Ուստի  բոլորս՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ, ձեռք-ձեռքի տուած պիտի շարունակենք վերականգնումը, գլխաւորութեամբ նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի։ Թուրքիոյ մէջ հայերը կոտորածի ենթարկուեցան, բայց Սուրիոյ մէջ սէր եւ ապաստան գտան: Մենք երախտապարտ ենք սուրիացի ժողովուրդին, հետեւաբար միասնաբար պիտի շարունակենք վերականգնել Սուրիան։ Շնորհակալութիւն նախագահին, բոլոր իսլամ ու քրիստոնեայ կրօնապետներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետին ու նահանգապետին, որոնք օժանդակեցին այս գործին։ Աստուած օրհնէ Սուրիան ու սուրիացի ժողովուրդը»։

Հիւրերը շրջեցան եկեղեցւոյ մէջ, բարձրօրէն գնահատեցին անոր վերանորոգումը եւ շնորհաւորեցին Սուրիոյ ողջ ժողովուրդը, յատկապէս՝ սուրիահայութիւնը։ Այս առիթով, Հալէպի Մուֆթին յայտնեց. «Թէեւ որոշ շրջան մը բոլորս զրկուեցանք այս եկեղեցիէն, սակայն ան կանգուն մնաց իր զաւակներով։ Սուրիան պիտի վերականգնի եւ վերագտնէ իր խաղաղութիւնը»։

 Հիւրերու մեկնումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, աւելի քան 25 լրատումիջոցներու ներկայացուցիչներուն դիմաց ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր վեր առաւ Սուրիոյ դերը արաբական աշխարհին մէջ, ողջունեց Սուրիոյ նախագահը, իշխանութիւնն ու պատասխանատուները՝ վերահաստատելով Սուրիոյ վերականգնումին հանդէպ իր եւ ողջ հայութեան հաւատքն ու մասնակցութիւնը:

More News