27 March, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՔ ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿի լիբանանի մարմիններուն ներկայացուցիչները: Անոնք Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեցին, օր մը առաջ, յառաջիկայ Ապրիլ 24-ի նշման գծով իրենց ունեցած ընդհանուր խորհրդակցութեան մասին:

 

Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին գնահատեց երեք կուսակցութիւններու գործակցութիւնը, մաղթելով որ բոլոր գաղութներէն ներս միջ-կուսակցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուի ու ծաւալի համազգային եւ համագաղութային ընդհանրական մտահոգութիւններու ու աշխատանքներու շուրջ: Խօսելով Ապրիլ 24-ի նշման մասին, Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը փոխանցեց կուսակցութենաց պատասխանատուներուն, շեշտելով որ բարձրագոյն աստիճանի կազմակերպուածութեամբ ու ժողովրդային մասնակցութեամբ անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական կամքը արտայայտուի աշխարհին դիմաց:

More News