23 March, 2019

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Վերջին շրջանին յաճախակի առիթներով Հայաստանէն հայորդիներ սկսած են այցելել Լիբանան։ Անոնք որպէս ուխտաւորներ կ՚այցելեն Անթիլիասի Մայրավանք, Սրբոց Նահատակաց մատուռ, Ս. Աստուածածին Վանք, վերածննդեան յուշարձան, որբերու թանգարան, «Թռչնոց Բոյն», Ս. Մարիամ Աստուածածինի արձան՝ Հարիսա, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի ու Այնճարի հայկական աւաններ։ Այս այցելութիւններու ծիրին մէջ անոնք նաեւ կը հանդիպին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին աջահամբոյրի եւ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը կը ստանան:

 

Արդարեւ, այս երեւոյթը նշանակալից քայլ մը կը նկատուի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու գործակցութեան նոր ծաւալ տալու իմաստով:

 

Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի գաղութներէն ներս ապրող նոյն ազգի զաւակները փոխադարձ այցելութիւններու ու փոխադարձ ճանաչման ճամբով մեծապէս պիտի նպաստեն մեր ազգի միասնականութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի առաւել ծաղկման եւ հայ դատի հետապնդման:

More News