23 Մարտի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Շաբաթ, 23 Մարտ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Ասորի Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Ժագ Եագուպ Եպիսկոպոսը եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանը։

 

Առաջին այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութիւնը ու գործակցութիւնը աւելի խորացնելու կարելիութիւններուն մասին, իսկ երկրորդ հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայ համայնք-պետութեան եւ Կիպրոսի ընդհանուր քաղաքակ կացութեան առնչուած հարցեր:

More News