22 March, 2019

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ին, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպած էր Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթը։ Այս առիթով, անոնց այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ու խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ գնահատեց տեսչութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ մայրերուն եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ մեր զաւակներուն հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ հայ մօր ունեցած առանցքային դերակատարութեան մասին։

 

Մտերմիկ ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ հայկական տոհմիկ ճաշերով ու Միջինքի աւանդական մթնոլորտով։

More News