22 Մարտի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Ամենապատուութիւն Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքի անձնական ներկայացուցիչ Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Պատրիարքական փոխանորդ Մետրոպոլիտ Էմմանուէլի հետ, որուն կ’ընկերանար Աթէնքի մէջ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ եպիսկոպոսը։ Այցելութեան նպատակն էր Տիեզերական Պատրիարքին անունով Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ Ուղղափառ եկեղեցիներու դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն շուրջ, եւ այս ծիրէն ներս յատկապէս վերջերս Ուքրանիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ հարցին շուրջ Տիեզերական Պատրիարքութեան եւ Ռուս եկեղեցւոյ միջեւ ստեղծուած ծանր կացութեան մասին։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ քննարկելու Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքներուն միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան եւ Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներու այժմու կացութեան առնչուած շարք մը հարցեր։ Յիշեալ հարցերուն շուրջ Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտները փոխանցեց Մետրոպոլիտին, ինչպէս նաեւ իր եղբայրական ողջոյնը ուղարկեց Տիեզերական Պատրիարքին, որուն հետ 1980-էն ի վեր անձնական բարեկամութիւն ունի։

More News