17 Մարտի, 2019

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻՆ ՀՈԳՒՈՅՆ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 17 Մարտ 2019-ին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքին՝ Երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին հոգւոյն համար։ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցագիրը։ Միաժամանակ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին, եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Մայր Տաճարի լուսարարապետ, մասնակցեցան հոգելոյս Պատրիարքին վերջին օծման ու թաղման կարգին՝ Պոլսոյ Գումգափուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցագիրը ամբողջութեամբ.-

 

Խոր ցաւով իմացանք մահը Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին։ Յարաբերաբար երիտասարդ տարիքին, երբ տակաւին շա՜տ տալիք ունէր հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Մեսրոպ Պատրիարք կը հեռանայ այս երկրաւոր կեանքէն՝ միանալու այն մեծ հոգեւորականներուն, որոնք Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ամենէն դժուար օրերուն ու դառն պայմաններուն մէջ ծառայեցին մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին՝ բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով, իմաստութեամբ ու հաւատքի քաջութեամբ։ Այսպէ´ս եղաւ նաեւ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքը։ Խոր հաւատքով, ամբողջական նուիրումով ու անվեհեր կամքով ան ծառայեց Թուրքիոյ մեր ժողովուրդին։

 

Մեսրոպ Պատրիարքը ճանչցանք 1991-ին, երբ որպէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետ միօրեայ այցելութիւն տուած էինք Տիեզերական Պատրիարքութեան։ Յաջորդող տարիներուն, մեր անձնական կապը վերածուեցաւ եղբայրական յարաբերութեան ու ապա՝ սերտ գործակցութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միջեւ։

 

Մեսրոպ Պատրիարք ամէն բանէ առաջ հոգեւորական էր՝ բառին հարազատ ու ամբողջական իմաստով. հոգեւոր արժէքներով լիցքաւորուած եւ՝ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս այդ արժէքներու կենսագործման նուիրուած տիպար հոգեւորական մը։ Այդպէս եղաւ ու մնաց ան իր հոգեւոր սպասաւորութեան բոլո´ր տարիներուն ու բոլո´ր հանգամանքներուն մէջ։ Հոգելոյս Պատրիարքը ոչ միայն ծանօթ էր Աստուածաշունչին, մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհի անցեալի պատմութեան ու ներկայի մարտահրաւէրներուն, այլ կը փորձէր զանոնք իր ծառայական կեանքին ճամբով բաժնել իր հօտին հետ։

 

Մեսրոպ Պատրիարք մտաւորական անձ մըն էր, ո´չ միայն իր ստացած համալսարանական բարձր ուսումով, այլ նաեւ միշտ մնալով շրջապատուած գիրքերով, նոր հրատարակութիւններու նախաձեռնելով եւ ինքզինք բանալով հոգեմտաւոր լայն հորիզոններու։

 

Հայ եկեղեցւոյ ամբողջականութեան ու ներքին միութեան ամրապնդման յանձնառու հոգեւորական էր Մեսրոպ Պատրիարքը։ Նուիրապետական Աթոռներու միջեւ սերտ գործակցութեան ջերմ ջատագով էր. միաժամանակ, խորապէս նախանձախնդիր՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներքին իւրայատուկ դրուածքին եւ հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս անոր ինքնուրոյն դերակատարութեան ամուր պահպանման։

 

Մեսրոպ Պատրիարք ամրօրէն կառչած էր իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հօտի առողջ ու անվտանգ պահպանման, ամէ´ն իմաստով։ Միաժամանակ, գիտէր հաւասարակշռուած ու ճկուն մօտեցումներ որդեգրել իր շրջապատին նկատմամբ՝ միշտ մնալով հաւատարմօրէն կապուած իր ժողովուրդի իրաւունքներուն ու Պատրիարքութեան անկախութեան անվթար պահպանման։

 

Անկախ իր հանգամանքէն, հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարք որպէս անձ ու որպէս հոգեւոր մշակ՝ եղաւ սիրելի ու յարգելի բոլորին կողմէ։

 

Նման արժանիքներով հարուստ հոգեւոր առաջնորդի մը վաղաժամ մեկնումը այս աշխարհէն խոր ցաւ մըն է մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար, ինչպէս նաեւ մեծ կորուստ մը՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան համար, որուն արժանաւոր գահակալը եղաւ։

 

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մեր միաբանութեան, Թեմակալ Առաջնորդներուն եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Երջանկայիշատակ Պատրիարքի տիրամօր, Պատրիարքական Փոխանորդին, միաբանութեան, հոգեւոր դասուն եւ Թուրքիոյ մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն։ Թող Աստուած Իր երկնային օթեւաններուն մէջ հանգչեցնէ մեր սիրելի Պատրիարքի հոգին։

 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

 

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

15 Մարտ 2019
Անթիլիաս, Լիբանան

More News