13 March, 2019

ԹԵԶԷԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ի առաւօտուն, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Թեզէի երիտասարդական միջազգային հաւաքը, որ պիտի կայանայ 22-էն 26 Մարտ 2019-ին, ունեցաւ իր ծրագիրին արձակման մամլոյ ասուլիսը։ Սոյն ձեռնարկին Արեւելեան Ուղղափառ ոչ Քաղկեդոնական Եկեղեցիներուն անունով խօսք առաւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։

 

Նշենք, որ Թեզէի երիտասարդական միջազգային հաւաքը կը կազմակերպուի Թեզէի միաբանութեան կողմէ, իսկ Լիբանանի մէջ հաւաքը կ՚իրականանայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի եւ Լիբանանի եկեղեցիներու հետ գործակցաբար։ Այս ծիրէն ներս հաւաքներ տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի Մայրավանքին, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին եւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ։

More News