11 Մարտի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈՆ

Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը՝ ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանին:

 

Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Ղարաբաղի ու հայ դատի հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ:

More News