8 March, 2019

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ KAICIID-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԻ ԺՈՂՈՎ

Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը ամրապնդելու կոչուած KAICIID-ի (King Abdullah bin Abdulaziz International Centre for Interreligious and Intercultural Dialogue) Գործադիր Մարմինը 2019 տարուան առաջին նիստը գումարեց Լիբանանի մէջ, 1 եւ 2 Մարտ 2019-ին: Ժողովին մասնակցեցան Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Բ. Թագաւորին անունը կրող միջ-կրօնական յարաբերութիւններու Վիեննայի մէջ գտնուող կեդրոնին բարձրաստիճան պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու եւ կրօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները: Յիշեալ Գործադիր Մարմինին մաս կը կազմէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Սոյն ժողովներուն մեր Ս. Աթոռը կը ներկայացնէ Դոկտ. Ժան Սալմանեան:

 

Օրակարգի վրայ դրուած զանազան նիւթերու քննարկումէն ետք, ժողովականները համաձայնութիւն գոյացուցին 2019 տարեշրջանին  գործադրուելիք  հետեւեալ առաջարկներուն շուրջ.–

 

ա) Շարունակել կազմակերպել մասնագիտական դասընթացքներ ու սեմինարներ՝ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան սկզբունքները եւ երկխօսութեան մշակոյթը տարածելու նպատակաւ, մասնաւորաբար նոր սերունդին մօտ:

 

բ) Դատապարտելի եւ պատիժի արժանի արարք նկատել կրօնաւորներու իսլամ-իսլամ կամ քրիստոնեայ-իսլամ հակաքարոզները, որոնք ատելութիւն եւ գրգռութիւն կը սերմանեն: Այս գծով այցելութիւն տալ հոգեւոր պետերու, ապա յատուկ օրէնք մը մշակել խորհրդարանէն ներս:

 

գ) Աշխատանք տանիլ վերատեսութեան ենթարկելու այն օրէնքները, որոնք նոր եկեղեցիներ շինելու արգելք կը հանդիսանան Միջին Արեւելքի մէջ:

 

դ) Պաշտպանել կրօնական սրբավայրերը եւ հաստատութիւնները՝ յարձակումներու թիրախ չդարձնելու նպատակով:

 

ե) Կապ հաստատել լրատուական միջոցներու պատասխանատուներուն հետ կրօնական բնոյթ ունեցող լուրերը ոչ-գրգռիչ, այլ հաւասարակշռուած ոճով ներկայացնելու համար:

More News