19 February, 2019

ՆՈՐ ՀՐԱԿԱՐԱՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱԿՈԲ ՄՆՁՈՒՐԻԻ «ՄԵՆՔ» ՀԱՏՈՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին 98-րդ հրատարակութիւնը՝ Յակոբ Մնձուրիի «Մենք»-ը, որուն խմբագիրն է Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը։

 

Հաստափոր հատորը կը պարունակէ Մնձուրիի կենդանութեան հրատարակուած երեք ժողովածուներ՝ «Կապոյտ լոյս» (1958, 320 էջ), «Արմտան» (1966, 320 էջ) եւ «Կռունկ, ուստի՞ կուգաս» (1974, 288 էջ), Մնձուրիին մահէն ետք հրատարակուած անտիպ պատմուածքներու ժողովածու մը՝ «Տեղեր ուր ես եղեր եմ» խորագիրով (1984, 212 էջ), ինչպէս նաեւ շուրջ դար մը առաջ գրական մամուլի մէջ լոյս տեսած տասը պատմուածքներ։

 

Հատորի աւարտին պատրաստուած է Յակոբ Մնձուրիի օգտագործած բարբառային եւ օտարալեզու բառերու բառարան։

More News