25 February, 2019

ԹԵԶԷԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

22-էն 26 Մարտ 2019-ին, Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ Թեզէի երիտասարդական հաւաքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Այս ծիրէն ներս կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի եւ Լիբանանի եկեղեցիներուն, տեղի կ՚ունենան միջ-եկեղեցական աղօթքներ։

 

Առ այդ, Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքը սոյն աղօթքը կազմակերպեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուր հաւաքուած էին Լիբանանի տարբեր եկեղեցիներէ ժամանած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Թեզէի միաբանութենէն Լիբանան ժամանած հոգեւորականներ։ Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ իր աւարտին հասաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ։

 

Նշենք, որ Թեզէ միաբանութիւնը հաստատուած է Ֆրանսայի նոյն անունով գիւղի մը մէջ՝ Եղբայր Ռոժէ Շութզի ձեռամբ, 1940 թուականին, եւ իւրայատուկ է իր էքիւմէնիք բնոյթով, որուն շնորհիւ բոլոր յարանուանութիւններէ հոգեւորականներ կրնան անդամակցիլ միաբանութեան։

More News