19 Փետրվարի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 18 Փետրուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտԱրաբական ՄիացեալԷմիրութեանց դեսպան Համատ Սաաիտ Ալ Շամսին: Հանդիպման ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան:

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու Լիբանանի այժմու կացութեան մասին, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք, ինչպէս նաեւ Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց եւ հոն հաստատուած հայ համայնքին մասին: Դեսպանը դրուատիքով խօսեցաւ հայ համայնքին մասին՝ ընդգծելով անոր բերած կարեւոր մասնակցութիւնը երկրին յառաջդիմութեան, մասնաւորաբար տնտեսական մարզէն ներս:

 

Դեսպանը ճաշի հիւրը եղաւ Նորին Սրբութեան: Ճաշէն ետք ան շրջեցաւ Մայրավանքի շրջափակը, այցելեց Նահատակաց յուշարձան եւ Մայր Տաճար: Պարոն դեսպանը,ընկերակցութեամբ Սրբազան Հօր, նաեւ ուղղուեցաւ դէպի «Թռչնոց Բոյն»։ Ան նուէրներ բաշխեց «Թռչնոց Բոյն»ի որբերուն եւ գնահատեց այդտեղ կատարուած աշխատանքը, ապա այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան։

More News