4 Հոկտեմբերի, 2012

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը ուղղուած հայկական լրագրամիջոցներու համագումարին, Հոկտեմբեր 4–6, Երեւան

ՙՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ. Ա՜ՅՍ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100–ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ ՄԵՐ ՈՒՂԵԳԻԾԸ՚

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հոկտեմբեր 4–6, Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ հայկական լրագրամիջոցներու համագումար՝ հրաւէրով Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան ՙՀայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարեդարձին ընդառաջ՚ նիւթով: Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Օրհնութեան Գիր մը յղեց համագումարին: Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետին Օրհնութեան Գիրը.–

 

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն: Ջերմօրէն կ’ողջունենք Հայկական Ցեղասպանութեան 100–ամեակի սեմին լրագրողներու համահայկական համաժողով մը կազմակերպելու Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի գնահատելի նախաձեռնութիւնը: Արդարեւ, Հայկական Ցեղասպանութեան 100–ամեակի նշման ծիրէն ներս անհրաժեշտ է որ լրագրութիւնը առանցքային տեղ ու դեր ունենայ: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ տեղեկատուական, յարաբերական ու լրագրային ելեկտրոնային միջոցներու անհամեմատ զարգացումը վճռորոշ դեր կը կատարէ ընկերութեան կեանքի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէն ներս:

 

Արդ, Հայկական Ցեղասպանութեան 100–ամեակին առիթով առաւելագոյն չափով ու ճիշդ կերպով հարկ է օգտագործել լրատուական բոլոր միջոցները՝ յստակ լեզուով, ամուր կեցուածքով ու ծրագրուած մօտեցումով աշխարհին փոխանցելու ցարդ անպատիժ մնացած Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքները ու մանաւանդ մեր ժողովուրդին անտեղիտալի պահանջատիրութիւնը: Տեղեկատուական ազդու միջոցներու ճիշդ օգտագործման առընթեր անհրաժեշտ է մանաւանդ գիտնալ ինչ փոխանցել եւ ինչպէս փոխանցել:

 

Հայկական Ցեղասպանութեան 100–ամեակի համազգային յանձնախումբի երկրորդ նիստին, շուրջ երկու շաբաթներ առաջ, այս մասին անդրադառնալով, միջազգային շրջանակներէն ներս Մեր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ,  շեշտեցինք թէ՝ 100–ամեակի նշման մեր ծրագրումը ու գործունէութիւնը պէտք է իրենց ուղղութիւնը ստանան հետեւեալ երեք բառերով արտայայտուող մտածումներէ, ուղղութիւններէ ու մօտեցումներէ. այդ բառերն են՝ ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ու ՊԱՀԱՆՋԵԼ: Պարզենք Մեր միտքը.–

 

ա) Մեր առաջին հասցէն պէտք է ըլլայ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, յատկապէս՝ մեր երիտասարդութիւնը: Ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը ապրած սերունդը անհետացած է, այլ նաեւ անոր յաջորդող սերունդին տերեւաթափն ալ սկսած է: Մեր ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը խիստ կարիքը ունի վերաթարմացման: Արդ, անհրաժեշտ է մեր երիտասարդութեան մտածողութեան ու կեանքին մէջ արմատացնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը, պարզել հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու գործադրուած քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ներքին ծալքերն ու հետեւանքները ու մանաւանդ վերաշեշտել մեր ժողովուրդին պահանջատէր ըլլալու իրողութիւնը: Հաւաքական յիշողութիւնը ժողովուրդի մը հզօրութեան ու միասնականութեան երաշխիքն է: Ան ո՜չ միայն ժողովուրդ մը անցեալին կապող, այլ նաեւ ապագային բացող ու տանող ուժական գործօն է, որուն այնքա՜ն կարիքը ունի համաշխարհայնացման վտանգներու ենթակայ մեր երիտասարդութիւնը:

 

բ) 100–ամեակի երկրորդ հասցէն պէտք է ըլլայ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ: Այս ծիրէն ներս պէտք է գիտնալ թէ ո՞ւր անհրաժեշտ է կեդրոնացնել մեր աշխատանքը: Այսպէս. իսլամական աշխարհը շատ աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այսօր, քան ափրիկեան հեռաւոր երկիրները: Եւրոպական ցամաքամասին աւելի առաջնահերթութիւն  հարկ է տալ, քան Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներու: Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաները յատուկ տեղ պէտք է գրաւեն մեր աշխատանքներուն մէջ, քան միջազգային ընտանիքի լուսանցքին վրայ գտնուող Աւստրալիան եւ այլ երկրամասեր: Յիշեալ հասցէներուն կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ գիտնալ ինչպէ՞ս փոխանցել մեր պահանջատիրութիւնը: Ներկայ աշխարհը ժամանակ չունի երկարապատում լուրեր եւ մանրամասն վերլուծումներ կարդալու կամ լսելու: Անհրաժեշտ է որ մեր լրատուութիւնը կատարուի ամփոփ ու ազդու կերպով ու մանաւանդ ներկայ աշխարհի ընկալման յատուկ բառապաշարով ու լեզուամտածողութեամբ:

 

գ) Մեր երրորդ եւ հիմնական հասցէն բնականաբար պէտք է ըլլայ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ԹՈՒՐՔԸ: Ինչ ալ ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները, ինչ ալ ըլլան մեզ դիմագրաւող դժուարութիւնները, մեր ազգը պիտի մնայ պահանջատէր, որովհետեւ մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափուած է ու հող ու ինչք կորսնցուցած ենք: Շարունակելով հանդերձ Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր ճիգը, անհրաժեշտ է որ յատուկ շեշտ դնենք մեր իրաւունքներու հատուցման վրայ: Արդարեւ, Ցեղասպանութեան նշումը ու յիշեցումը, 100–ամեակին առթիւ կամ ոեւէ մէկ ժամանակ, մեզի համար սոսկ անցեալին պատահած դէպքի մը յիշատակումը չէ՝ աղօթքով, խունկով, դասախօսութեամբ, հրատարակութեամբ կամ քայլարշաւով. այլ՝ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական հաւաքական կամքին արտայայտութիւնն է: 100–ամեակը առիթ մը պէտք է դառնայ որ աւելի՜ կազմակերպ ու ազդու կերպով մեր ժողովուրդը իր պահանջատէրի կեցուածքը արտայայտէ՝ Հայաստանը, որպէս պետութիւն ի՜ր հայեցակէտով սակայն միշտ մնալով իրաւատէրը հայ ժողովորդի պահանջատիրութեան եւ Սփիւռքը, որպէս զոհ ու արդիւնք Ցեղասպանութեան ի՜ր ոճով: Երկու մօտեցումներն ալ պէտք է ըլլան ներդաշնակ ու զիրար ամբողջացնող:

 

Այս հսկայ աշխատանքը կը պահանջէ աշխատանքի համադրում ու սերտ գործակցութիւն: Այս ծիրէն ներս հայկական լրատուամիջոցներուն դերը, կը կրկնենք, կը մնայ հիմնական: Հայկական լրատուամիջոցները նաեւ պէտք է դառնան օտար լրատուամիջոցներուն տեղեկութիւն հայթայթող ու ի պահանջել հարկին ուղղութիւն տուող կարեւոր լծակներ: Վերջապէս, Մեր կարծիքով, 100–ամեակի նշումը որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ պէտք չէ սահմանափակուի: Ան անկիւնադարձային դէպք մը ըլլալով հանդերձ, պէտք է վերածուի մնայուն ընթացքի:

 

Մեր սպասումն է, որ Մեր մատնանշած հարցերը լայնօրէն քննարկուին ձեր հանդիպման ընթացքին, որպէսզի կարենաք անմիջապէս լծուիլ 100–ամեակի պատրաստութեան գործնական աշխատանքներուն:

 

Այս առիթով բարձր կը գնահատենք մեր լրագիրներուն ու լրատուամիջոցներուն կենսական դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

 

More News