18 Փետրվարի, 2019

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

16 եւ 17 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանք հաւաքուած էին սփիւռքի զանազան երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ, որոնք գումարեցին հինգ նիստերէ բաղկացած խորհրդաժողով մը՝ արծարծելով երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական խնդիրներ ու քննարկելով զանոնք դիմագրաւելու գործնական միջոցներու մասին։

 

Խորհրդաժողովին ատենապետեց Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, իսկ վարեցին Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանն ու Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը։

 

Բացման նիստին իր պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը։ Ան առաջին հերթին բարի գալուստ մաղթեց Հիւսիսային Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ Հայաստանէն Անթիլիաս ժամանած երիտասարդներուն՝ ընդգծելով բոլոր բնագաւառներուն մէջ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին գործօն ներկայութիւնն ու գործնական ձեռնարկութիւնները։ Ան դիտել տուաւ, որ այս հաւաքը կը միտի գործնական քայլերու վերածել երիտասարդը հաւաքական կեանքին մէջ ներառելու ու անոր առանցքային տեղ տալու առումով երիտասարդներու կողմէ եկած առաջարկները։ «Երբ շուրջս կը նայիմ, կը տեսնեմ երիտասարդներ, սակայն ոչ մայր էջին վրայ։ Անոնք երբեմն հեռացած են, իսկ երբեմն ալ անտեսուած են մեր շրջանակներէն, ու այս պատճառով ալ յաճախ դժուարութիւն կը գտնեն դրսեւորելու իրենց ինքնութիւնը», ըսաւ Վեհափառը՝ կարեւորելով անոնց նախաձեռնողի եւ ոչ՝ հակազդեցողի դիրքի վրայ ըլլալը։ Առ այդ, Հայրապետը իր պատգամին մէջ լայն տեղ տուաւ առցանց աշխարհին եւ անոր հետեւանքներուն։ Ան նշեց, որ առցանց աշխարհին վրայ ստեղծուած յարաբերութիւններէն յառաջացած համացանցային ընկերութիւնը ունի իր արժէքներու համակարգը, սակայն հարկ է անգամ մը մտածել թէ հայ երիտասարդը, որ կը պատկանի տուեալ առցանց ընկերութեան, ի՛նչ հայկական ինքնութիւն կը դրսեւորէ, ի՛նչ տեսալական ու նպատակ կը հետապնդէ, որպէսզի աւելի կազմակերպուած ըլլայ ու կարենայ թէ՛ օգտուիլ անկէ եւ թէ ալ օգտակար ըլլալ հայութեան։ Այս իմաստով ան լուսարձակի տակ առաւ պատասխանատու կեցուածք ունեցող ու պարտաւորութիւններ ստանձնող երիտասարդ մարդուժի անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի չկլանուի համացանցի ժխտական ազդեցութիւններէն։

 

Նիստի աւարտին, երիտասարդները փոխանակեցին իրենց մտքերն ու մտահոգութիւնները։

 

Յաջորդող նիստերուն ընթացքին, խորհրդաժողովը քննեց հայ երիտասարդները առցանց հարթակի մը վրայ խմբելու կարելիութիւններն ու անկէ բխած հարցերն ու լուծումները։

More News