26 Հունվարի, 2013

Դպրեվանքի մէջ տարեդարձի նշում

Շաբաթ, 26 Յունուար 2013-ին, դպրեվանքի սեղանատան մէջ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի ընթացքին դպրեվանքի սաներ  ուրախութեամբ նշեցին Յունուար ամսուան ծնած ուսուցիչներէն Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի (Վարիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի, խմբաւար ՙՇնորհելի՚  երգչախումբին եւ դպրեվանքէն ներս ուսուցիչ) եւ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտըմեանի (դպրեվանքի հսկիչ) ինչպէս նաեւ աշակերտներէն՝ Յակոբ Սրկ. Գարտանաքեանի, Գաբրէլ Սրկ. Եղիայեանի, Սարգիս Կիս. Սրկ. Կարապետեանի, Սարգիս Աճէմեանի, Պօղոս Քեսապլեաիտ, Ժան Սէլլումեանի, Դանիէլ Գէորգեանի, Շանթ Գարակէօզեանի եւ Գէորգ Տէօքմէճեանի  տարեդարձները 

 

Տեսչութեան եւ դպրեվանքի սաներուն անունով դպրեվանքի փոխ Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Յունուար ամսուան մէջ ծնած աշակերտներն ու ուսուցիչները անոնց մաղթելով առեւշատութիւն եւ յարատեւ վերելք:

 

Տարեդարձի կարկանդակի հիւրասիրութիւնը յանձն առած էր դպրեվանքի նախկին շրջանաւարտ սարկաւագ մը:

More News