9 Փետրվարի, 2013

Դպրեվանքի սարկաւագները կ’այցելեն Պէյրութի Ս.Յակոբ եկեղեցին

Շաբաթ 9 Փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Դպրեվանքի բարձրագոյն դասարանի սակաւագները, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն կատարեցին: Ապա, անոնք գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուցին՝ հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով ոգեւորելով:          

 

Բացման խօսքը կատարեց, Բրշ. Համբարձում Աւ. Սրկ. Պալըքճեան, որ նախ կարեւորութեամբ շեշտեց Դպրեվանքի առաքելութիւնը, ըսելով. ՙԱյսօր մենք եկած ենք Պիքֆայաի բարձունքներէն՝ Դպրեվանքէն, մեր ժողովուրդին հետ ըլլալու համար: Այս գիտակցութեամբ, մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք Դպրեվանքը լաւապէս ծանօթացնելու մեր ժողովուրդին եւ վերահաստատելու, թէ Դպրեվանքը միշտ մարդակերտումի ու հայակերտումի ձուլարան եղած է՚: Ապա, ան լուսարձակի տակ առաւ Բուն Բարեկնդանին նշանակութիւնը, հաստատելով. ՙԲարեկնդան կը նշանակէ ՙբարի կենդանութիւն՚ ունեցող, ՙբարի կեանք՚ ապրող եւ ՙուրախ՚ ու ՙերջանիկ կեանք՚-ի ձգտող: Այս տօնը կը խորհրդանշէ դրախտային այն երանաւէտ կեանքը, ուր մեր նախահայրերը՝ Ադամ եւ Եւա կ’ապրէին Աստուծոյ հովանիին տակ՚:        

 

Բանաստեղծութիւններու արտասանութիւն, պահքի մասին խորհրդածութիւն եւ խմբերգներ երեկոն աւելի հոգեպարար դարձուցին:         

 

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ու Դպրեվանքի ուսուցիչ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Քերքեզեան հանդէս եկաւ երզրափակիչ խօսքով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Դպրեվանքի սարկաւագներուն, ընդգծելով. ՙԱյսօր դուք Դպրեվանքէն եկաք, մեր ժողովուրդին հետ եղաք եւ ձեր սորվածը ներկայացուցիք: Ձեր ամբարած գիտելիքները ոչինչ կ’արժեն եթէ անոնք միայն ձեզի պահէք. զանոնք մեր թանկագին հաւատացեալներուն փոխանցելով դուք Դպրեվանքը կը բերէք մեզի՚:        

 

Ապա, դպրեվանեցիներ, թաղականութիւն, տիկնանց միութիւն եւ դպրաց դաս բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ:          

 

Երեկոն փակուեցաւ ՙՀրեշտակ զուարթուն՚ դպրեվանքեան գիշերային աղօթքով:  

 

More News