3 Փետրվարի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԼԵՒՈՆ ՆՈՐՏԻԿԵԱՆԸ

Կիրակի, 3 Փետրուար 2019-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց արուեստագէտ եւ հնագէտ Դոկտ. Լեւոն Նորտիկեանը։

 

Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակին ընթերցումէն առաջ Դոկտ. Նորտիկեանի կենսագրութիւնն ու իր մասին վկայութիւններ ընթերցեցին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Քրիսթին Պապիկեան Ասսաֆը եւ իր գործակիցներէն Գրիգոր Թէրզեանը։

 

Վեհափառ Հայրապետը հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով խօսք առնելով՝ բարձր գնահատեց անոր աւելի քան 35 տարիներու մտաւորական վաստակը հայագիտութեան մարզէն ներս։ Սրբատառ Կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով անոր կատարած ծառայութիւնները ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէս Լիբանանի հայ համայնքին՝ ըսաւ. «Ձեր մասնագիտութիւնը Լիբանանի մէջ Ձեր առջեւ բացաւ աշխատանքի բազմատարած ու բազմաճիւղ դաշտեր։ Դուք ոչ միայն բազում պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեցիք Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն ներս, այլ պրպտեցիք ու ստեղծագործեցիք՝ հրատարակելով ու խմբագրելով պատմութեան ու մշակոյթի, արուեստի ու հնագիտութեան առնչուած բազմաթիւ յօդուածներ ու հատորներ, որոնց շարքին՝ չորս կարեւոր գործեր առնչուած մեր ժողովուրդին։ Ի մի խմբեցիք պատմական ու հնագիտական արժէք ունեցող արխիւային նիւթեր, հանդէս եկաք դասախօսութիւններով եւ կարեւոր նպաստ բերիք Լիբանանի տարածքին գործող թանգարաններու դասաւորման ու վերակազմաւորման։ Եղաք ու կը շարունակէք մնալ անխոնջ աշխատող ու առատ արտադրող գիտնական-մտաւորական, որուն մասին պերճախօս կերպով կը վկայեն Ձեր տիրացած մրցանակները»։

 

Ընդգծելով Լեւոն Նորտիկեանի բերած նպաստը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին՝ Հայրապետը շեշտեց անոր տարած աշխատանքը Սիսի Կաթողիկոսարանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի ծրագիրներուն առնչուած. «Անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութեամբ արձանագրել այն երախտարժան իրագործումը, որ անմիջականօրէն առնչուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Արդարեւ, դուք եղաք առաջին անձը, որ կատարեցիք Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի մասնագիտական չափագրութիւնը եւ պատրաստեցիք նկարներ. ինչպէս նաեւ կարեւոր ներդրում ունեցաք Թռչնոց Բոյնէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի հիմնադրութեան ու դասաւորման մէջ»։

 

Պարգեւատրման հանդիսութեան ներկայ էին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տնօրէնը, դասախօսներ եւ հայ, ֆրանսացի ու լիբանանցի մտաւորականներ։

 

Աւարտին, Դոկտ. Նորտիկեան իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ ողջունեց հայ մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառէն ներս, Նորին Սրբութեան ղեկավարութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած իրագործումներն ու ներդրումները։

More News