29 January, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԿ. ՄԷԹԹԻ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆԸ

Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, յարգելով Կաթողիկոսարանի եւ Թռչնոց Բոյնի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի նուիրատու տոքթ. Գրիգոր Տումանեանի յիշատակը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց անոր այրին՝ Տիկ. Մէթթի Տումանեանը։ Պարգեւատրման ներկայ էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ Տումանեան ամոլին զաւակները՝ Տոթք. Կրեկ Տումանեանն ու Նենսի Տումանեան Փանոսեանը։

 

Խօսելով Կաթողիկոսութեան երկար տարիներու բարեկամ եւ բարերար Տումանեան ընտանիքին մասին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց անոր ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եկեղեցւոյ հանդէպ՝ մաղթելով, որ Տումանեան ընտանիքը շարունակէ Աստուածահաճոյ իր ծառայութիւնը՝ աջակցելով եկեղեցւոյ առաքելութեան։

 

More News