28 January, 2019

«ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ ՉԷ, ԱՅԼ ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒՄ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 27 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, հոգեւոր խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու միութեան շաբթուան եզրափակիչ արարողութիւնը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ։ Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, ինչպէս նաեւ զանազան համայնքները ներկայացնող հաւատացեալներ։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Դպրեվանքն ու Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։ Արարողութիւնը կատարուեցաւ հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով՝ մասնակցութեամբ ներկայ հոգեւոր հայրերուն։ Արարողութիւնը սփռուեցաւ ուղիղ եթերով։

 

Արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ֆրանսերէն լեզուով իր պատգամը ուղղեց։

 

Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը համաքրիստոնէութեան կեանքին մէջ ողջունեց Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը միութեան նուիրուած աղօթքի շաբաթ նկատելու գեղեցիկ աւանդութիւնը՝ զայն նկատելով հրաւէր աղօթքի ու յիշեցում՝ վերանորոգելու մեր նուիրումը ու աշխատանքը ի խնդիր եկեղեցիներու միութեան։ Ապա, անդրադառնալով պատմութեան ընթացքին աստուածաբանական, դաւանաբանական ու այլ պատճառներով եկեղեցւոյ կեանքէն ներս յառաջացած վէճերու ու բաժանումներու, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ վկայութեան վրայ անոնց ունեցած ծանր հետեւանքներուն, շեշտեց, որ վերջին դարուն միջ-եկեղեցական շարժումին հետեւանքով եկեղեցիներու կեանքէն ներս փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի աստուածաբանական երկխօսութեան դրական մթնոլորտ ստեղծուած է, իսկ այս շրջագծէն ներս միջ-եկեղեցական խորհուրդներու ստեղծումը զանազան շրջաններու մէջ պերճախօս վկայութիւն մըն է։ Հայրապետը միաժամանակ յիշեցուց, որ եկեղեցւոյ միութիւնը կը շարունակէ մնալ առաջնահերթ հրամայական։

 

Յիշելէ ետք, թէ Քրիստոս աղօթեց իր աշակերտներուն միութեան համար զանոնք աշխարհ առաքելութեան ղրկելէ առաջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ միութիւն ու առաքելութիւն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ սերտօրէն առնչուած են իրարու հետ։ Ան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ գոյութեան նպատակը առաքելութիւն է եւ առաքելութիւնը կը դառնայ աւելի ազդու, երբ ան կը կատարուի ներքին միութեամբ հզօրացած եկեղեցւոյ կողմէ։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը հակիրճ կերպով եկեղեցւոյ միութեան հասկացողութեան գծով չորս կէտեր մատնանշեց. ա) եկեղեցիներ տարբեր հայեցակէտեր ունին եկեղեցւոյ միութեան ձեւին ու մօտեցման կապակցութեամբ, սակայն ըստ էութեան բոլոր եկեղեցիներն ալ կը հաւատան, թէ միութիւնը պէտք է ըլլայ հաւատքի միութիւն. բ) միութիւն չի նշանակեր միաձեւութիւն՝ կազմակերպչական կամ ծիսական մարզերէն ներս, այլ զանազանութեանց ներդաշնակում. գ) միութիւնը տեսական յղացք կը մնայ, երբ ան գործակցութեան չվերածուի եկեղեցիներու կեանքին մէջ. դ) եկեղեցին հաւատքի համայնք եւ Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալով, միութիւնը պէտք է գոյութենական իրականութեան վերածուի ժողովուրդի կեանքին մէջ։

 

Իր պատգամի վերջին բաժնին մէջ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն։ Յիշեցնելէ ետք, թէ Միջին Արեւելքը կը գտնուի իր ժամանակակից պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ շրջանէն ներս եկեղեցին, շեշտեց, որ եկեղեցիները սոսկ Միջին Արեւելքի մէջ չեն գտնուիր, այլ անոնք Միջին Արեւելքի՛ն կը պատկանին՝ անոր պատմութեան, անցեալին, ներկային ու ապագային։ Անոնք ընկերութեան կեանքի լուսանցքին վրայ չեն, այլ մաս կը կազմեն ընկերութեան ու գործօն ներկայութիւն են անոր բոլոր մարզերէն ներս։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է քրիստոնէական ներկայութիւնը աւելի ամրապնդել, քրիստոնեայ համայնքները վերակազմակերպել, քրիստոնէական վկայութիւնը վերաշխուժացնել, յատկապէս դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան բնագաւառներէն ներս։ Այս է քրիստոնեայ համայնքներուն դիմաց գտնուող մարտահրաւէրները. այս է նաեւ Քրիստոսի պատգամը ուղղուած քրիստոնեայ համայնքներուն, եզրակացուց Նորին Սրբութիւնը։

 

Եկեղեցական արարողութենէն ետք Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ մասնակցութեամբ ներկայ հոգեւոր հայրերուն։

More News