9 January, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 9 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին «Ամալ» կուսակցութեան Գործադիր Վարչութեան երեք անդամները։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ առաւելաբար անդրադառնալու Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը յուզող հարցերուն։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց իսլամ համայնքներու կրօնական խմբակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպման ընթացքին Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը գործակցութեան ճամբով արտայայտելու հրամայականը՝ թէ՛ տեղական եւ թէ շրջանային մակարդակներու վրայ։

More News