3 January, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՊԵՏՆ ՈՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ

Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Աւետարանական համայնքին պետ Վերապատուելի Հապիպ Պատրը՝ ընկերակցութեամբ նոյն համայնքի պետական երեսփոխան Դոկտ. Էտկար Թրապուլսի։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու առնչուած հարցերու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու անյետաձգելի հրամայականը։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ, որ անընդունելի է, ինչ որ ըլլան դրդապատճառները, որ վեց ամիսէ ի վեր Լիբանանը զուրկ ըլլայ կառավարութենէ։ Ժողովուրդը պարտաւոր չէ կառավարական տագնապին հետեւանքները կրելու իր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած քաղաքական պատասխանատուներուն պարտաւորութիւնն է ծառայել ժողովուրդի շահերուն, իրաւունքներուն եւ նպաստել անոր բարօրութեան։ Ա՛յս է, որ կը սպասենք քաղաքական պատասխանատուներէն։

More News