23 Փետրվարի, 2013

Դպրեվանեցիներու տարեդարձի նշում

Շաբաթ 23 Փետրուար 2013, ճաշի ընթացքին, դպրեվանեցիներ ուրախութեամբ տօնախմբեցին Փետրուար ամսուն ծնած իրենց երկու ուսուցիչներուն՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեանի ու Տիար Սարգիս Կիրակոսեանի եւ իրենց եօթը եղբայրներուն՝ Բրշ. Հրայր Սրկ. Տաղլեանի, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Ստեփանեանի, Համլիկ Զաքարեանի, Մովսէս Խաչատուրեանի, Անդրանիկ Թաշճեանի, Մանուկ Գոզանեանի եւ Նարեկ Ազնիկեանի տարեդարձները:  

 

Տարեդարձի կարկանդակին հիւրասիրութիւնը յանձն առած էր Ֆրեզնոյէն Բրշ. Կրէկ Սրկ. Էրիցեանը:

More News