17 Դեկտեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Երեւանի Կառավարութեան շէնքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնակատար Վսեմաշուք Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը հազմէին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետներ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան, Միաբանութեան Տնօրէն ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

 

Պատուիրակութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորեց նոր Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը եւ յատկապէս Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ Քայլը» դաշինքի յաղթանակը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր իր հայրենակերտ առաելութեան մէջ։ Այս առիթով, պատուիրակութիւնը Պրն. Փաշինեանին փոխանցեց նամակ մը՝ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

 

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, իր կարգին, գոհունակութեամբ յիշեց վերջերս Անթիլիասի Մայրավանք կատարած իր այցելութիւնը եւ Նորին Սրբութեան հետ ունեցած իր առանձնակի տեսակցութիւնը, որուն ընթացքին, ինչպէս ինք նշեց, քննարկած էին Հայաստանի եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Ան միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու նման քննարկումները Վեհափառ Հայրապետին հետ:

 

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Հայաստան պիտի այցելէ Յունուար ամսուան ընթացքին։

 

Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին նամակը ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնակատար Վսեմաշուք Նիկոլ Փաշինեանին:

More News