14 December, 2018

ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՏՕՆԱԾԱՌՆ ՈՒ Ս. ՄՍՈՒՐԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նախատօնակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը կազմակերպած էր Նոր տարուան յատուկ երեկոյ մը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եւ փոքրիկներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում, ինչպէս նաեւ խրախճանք եւ նուէրներու բաշխում։

 

Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին դուրս բերուեցան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ Մծբնացիի ու Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետին մասունքները մասունքները։ Նախատօնակի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։

 

Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդին յայտնեց, որ Ս. Յակոբ Մծբնացի ժողովրդային սուրբ է, որովհետեւ ժողովուրդը ի՛նք տեսած է անոր կեանքին մէջ աստուածային ներկայութիւնը, վկայութիւնն ու առաքելութիւնը, եւ հետեւաբար սուրբ կոչած է զայն։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ այս եղած է պարագան հայ եկեղեցւոյ սուրբերուն. «մենք ուրախ ենք եւ հպարտ, որ պատմութեան ընթացքին, մեր եկեղեցւոյ սուրբերը ոչ միայն ժողովրդային, այլ մեր ժողովուրդին կողմէ վկայուած, հաստատուած ու հռչակուած եղած են»։ Խօսելով Ս. Յակոբ Մծբնացիի մասին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ սուրբը մեր ժողովուրդի պատմութեան խորերէն կու գայ յիշեցնելու, թէ իւրաքաչիւր քրիստոնեայ իր սրբութեան կեանքը պէտք է ապրի եւ խօսքը եզրափակեց՝ մաղթելով, որ այս տօնը ըլլայ յիշեցում եւ միաժամանակ հրաւէր ազգային արժէքներով շաղախուած եւ սրբազան իտէալներով թրծուած կեանք մը ապրելու, ու շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրող բոլոր հայորդիներուն՝ յանձնարարելով, որ Ս. Յակոբին կեանքէն ճառագայթող ճշմարտութիւններն ու սկզբուները իրենց կեանքին կիզակէտը դարձնեն։

 

Նախատօնակէն ետք տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնախմբութիւն։ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ձեռնարկեց կաղանդի ծառին եւ մսուրին լուսաւորումին։ Ասոր զուգահեռ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն ու Մայրավանքին շրջափակէն հնչեցին տօնական երգեր։

 

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին անունով Տիկ. Ժանին Մարգարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն. ան գոհութիւն ու փառք յայտնեց Աստուծոյ Իր առատ եւ օրհնաբոյր շնորհներուն համար եւ ըսաւ, որ տօնախմբութեամբ մենք կը պատրաստուինք դիմաւորել խորին խորհուրդ՝ Աստուծոյ Որդիին ծնունդը։ Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ երկրորդ տարին ըլլալով Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ կեանքի կը կոչէ նման հոգեպարար ձեռնարկներ։

 

Տօնախմբութիւնը Կաղանդի երգերով ճոխացուցին Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Հ.Ե.Ը.­-ի եւ Հ.Մ.Մ.­-ի շեփորախումբերը եւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Եութ Պենտը», ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան հեքիաթներու զանազան կերպարները, որոնք փոքրիկներուն հետ խաղացին ու պարեցին։ Երեխաները նաեւ վայելեցին Լիբանան ժամանած Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան» անուան պետական թատրոնին տիկնիկները։ Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» երգչախումբի փոքրիկներն ալ իրենց բաժինը ունեցան այս տօնախմբութեան մէջ՝ իրենց ձեռային աշխատանքներու եւ գծագրութիւններու ցուցադրութեամբ։

 

Անշուշտ երեկոյեան սիրելի հիւրերը՝ կաղանդ պապուկները, մասնակցեցան տօնախմբութեան ու նուէրներ բաժնեցին բոլոր ներկաներուն։

 

Նշենք, որ տօնախմբութիւնը ունէր նաեւ ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուած հիւրասիրութեան կրպակներ, որոնք օժտուած էին եկեղեցասէր նուիրատուներու կողմէ, իսկ տօնախմբութիւնը յաջողցնելու համար եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած կամաւոր բանակը ջանք չխնայեց իր մասնակցութիւնը բերելու բոլոր աշխատանքներուն։

More News