2 December, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի ճարտարապետներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։

 

Առաջին հանդիպումը առնչուած էր միաբանական շէնքին կից եպիսկոպոսներու ու հիւրերու համար շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող կառոյցին։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց շինութեան ընթացքը, որ ճշդուած ժամանակամիջոցին համաձայն պիտի աւարտի յառաջիկայ ամրան սկիզբը։

 

Շինարարական երկրորդ ծրագիրը առնչուած է Դպրեվանքի ուսանողներուն համար խաղադաշտի ծրագիրին։ Կաթողիկոսարանի ճարտարապետները Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցելէ ետք, անհրաժեշտ ճշդումները կատարեցին։ Բարերարին համաձայնութիւնը ստանալէ ետք շինարարական աշխատանքները անմիջապէս պիտի սկսին։

 

Երրորդ ծրագիրը շինարարութենէն անդին արուեստի առնչուած ծրագիր մըն է։ Նորին Սրբութիւնը կը մտադրէ դէպի հայ ժողովուրդի վերածննդեան յուշարձանը առաջնորդող երկար պատին վրայ զետեղել հայոց պատմութեան կարեւոր խորհրդանիշները (դէմքեր ու դէպքեր)։ Յիշեալ ծրագիրին իրականացման պիտի մասնակցին Հայաստանի արուեստի ակադեմիայի դասախօսներ եւ ուսանողներ։ Այս ծրագիրին շուրջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան մասնակցեցաւ նաեւ «Ալեքսանտր Թամանեան»ի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի գիտական քարտուղար՝ փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան։ Այս ծրագիրին մասին յառաջիկային աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին մեր ժողովուրդին։

More News