20 Նոյեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ՃՈԶԵՖ ՍՓԻԹԵՐԻԻՆ

20 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերիին հետ։ Այցելութեան նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսիսկոս Պապին Վեհափառ Հայրապետին ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով իր ինքնաբուխ ղրկած ներկայացուցիչին եւ պատգամին համար։

 

Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու առնչուած ներկայ կացութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։

 

More News