16 March, 2013

Դպրեվանեցիներ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի սեմինարի կը մասնակցին

Ընդառաջելով ՙՀորիզոն՚ թմրամոլութեան կանխարգիլման հաստատութեան հրաւէրին, Շաբաթ 16 Մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Դպրեվանքի սաներէն` Համլիկ Զաքարեան եւ Գրիգոր Ֆենէրճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն հաստատութեան Պուրճ Համուտի Լ.Օ.Խ.-ի կեդրոնին մէջ կազմակերպած միօրեայ սեմինարին:  

 

Սեմինարի ընթացքին ներկայացուած դասախօսութիւններուն ճամբով զանազան դպրոցներէ եկող երիտասարդ տարիքի ուսանող-ուսանողուհիներ աւելի մօտէն ծանօթացան թմրեցուցիչներու պատճառած աղէտներուն, անոնց ազդեցութիւններուն ու հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ այդ բոլորին առաջքը առնելու միջոցներուն:  

 

Սեմինարը իր աւարտին հասաւ անձնական կարծիքներու փոխանակութեամբ:

 

More News