12 Նոյեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Դոկտ. Համբիկ Սարաֆեան, Ալեքս Քէօշկէրեան եւ Սեպուհ Գալփաքեան։

Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր վերարժեւորում մը կատարելու մեր ժողովուրդը, հայրենիքը, եկեղեցին ու Սփիւռքը յուզող հարցերուն ու դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեցին տեսակէտներու ու շեշտաւորումներու տարբերութիւնները պահելով հանդերձ, թէ՛ ներհայաստանեան, թէ՛ միջ-կուսակցական եւ թէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց գծով անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը ամրապնդել ու ծաւալել՝ ի խնդիր Հայաստանի առաւել հզօրացման ու ծաղկման։

More News