6 November, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

«ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ» ՇԵՇՏԵՑ ԴԵՍՊԱՆԸ

 

Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան՝ Մուհամմէտ Ճալալ Ֆրուզնին:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքին ու Լիբանանին առնչուած հարցեր: Յիշեալ հարցերու գծով թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ դեսպանը իրենց տեսակէտները պարզեցին: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Իրանի ու Հայատանի միջեւ գործակցութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը՝ զայն նկատելով կենսական թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Իրանի համար: Դեսպանը ամբողջութեամբ բաժնելով Հայրապետին տեսակէտները՝ ըսաւ, որ նոյն դրական մօտեցումով Իրանը պիտի շարունակէ իր գործակցութիւնը եւ բարեկամական յարաբերութիւնը Հայաստանի հետ: Ան միաժամանակ աւելցուց, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ իր երկրին յարաբերութիւնը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի:

Անդրադարձ եղաւ նաեւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանի կացութեան: Այս ծիրէն ներս Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց դէպի վերականգնում ու վերակազմակերպում ընթացող Սուրիան, ինչպէս նաեւ շեշտեց Սուրիոյ հայ համայնքին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութիւնը Սփիւռքի հայութեան: Լիբանանի գծով Ան ընդգծեց երկու հայ նախարար ունենալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, որպէս իրաւունքը հայ համայնքին: Յիշեալ հարցերուն գծով Իրանի դեսպանը ողջունեց Սուրիոյ հայութեան զօրակցութիւնը սուրիական իշախանութեան եւ Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ երկու նախարար ունենալու հայ համայնքին իրաւունքը:

Վեհափառ Հայրապետը եւ դեսպանը նաեւ անդրադարձան Իրանի հայութեան: Դեսպանը բարձր յարգանքով արտայայտուեցաւ Իրանի հայութեան մասին ու մանաւանդ անոր գործօն մասնակցութեան երկրին հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն: Հայրապետը, իր կարգին, իր խոր գնահատանքը յայտնեց Իրանի հայութեան նկատմամբ երկրի հոգեւոր առաջնորդին ու պետութեան ցուցաբերած սիրալիր մօտեցման եւ երկրէն ներս հայութեան վայելած լայն ազատութիւններու նկատմամբ:

More News