29 Հոկտեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔԱՐՈԶԵՑ ՊԵՌՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ պատարագի արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին։

 

Իր պատգամին ներածական բաժինին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ եկեղեցին Քրիստոսատուր առաքելութիւն է։ Հետեւաբար, եկեղեցին իրեն յատուկ առաքելութիւն չունի, այլ կոչուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու։ Քրիստոսի առաքելութիւնը եկեղեցին կարելի է շարունակել երեք միջոցներով՝ վկայութիւն, ծառայութիւն եւ ուսուցողութիւն։ Այս վերջինը բաղկացած է երկու տարածքներէ՝ դաստիարակութիւն ու քարոզախօսութիւն։

 

Խօսելով քարոզախօսութեան մասին Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ ընդհանրապէս հոգեւորականներ կը շփոթեն Ս. Գրոց սերտողութիւնը քարոզախօսութեան հետ։ Ճիշդ է, քարոզախօսութիւնը նաեւ կ՚ենթադրէ տուեալ Ս. Գրոց համարին բացատրութիւնը կամ վերլուծումը, սակայն քարոզախօսութեան նպատակը Քրիստոսի պատգամին փոխանցումն է ժողովուրդին։ Հոս եւս, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը, որ քարոզիչը կոչուած է Քրիստոսի պատգամը ճիշդ հասկնալու եւ ճիշդ ձեւով փոխանցելու ժողովուրդին, այլ խօսքով, հոգեւորականը իրաւունք չունի իր կարծիքը փոխանցելու ժողովուրդին։

 

Այս ընդհանուր ներածականէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր քարոզին բնաբանը ընտրած էր օրուան աւետարանական ընթերցումի հետեւեալ համարը.- «Եթէ թա­գաւորութիւն մը ինքն իր մէջ բաժան-բաժան ըլլայ, այդ թագաւորութիւնը չի՛ կրնար կանգուն մնալ» (Մր 3.24)։ Նորին Սրբութիւնը նախ յայտնեց, որ թագաւորութիւն բառը գործածուած է նաեւ տուն հասկացողութեամբ եւ տունը տարբեր իմաստներով գործածուած է Հին ու Նոր Կտակարաններուն մէջ։ Այս ծիրէն ներս Ան ընդգծեց հիմնական տարբերութիւնը Հին ու Նոր Կտակարաններուն հասկացողութեան տան նկատմամբ։ Այսպէս. Հին Կտակարանին մէջ տունը ֆիզիքական իրականութիւն է, յատկապէս ան կը նշանակէ տաճար, ուր Աստուած կը բնակի, իսկ Նոր Կտակարանին մէջ տունը հոն է, ուր Աստուած ներկայ է։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը մեկնելով այս հասկացողութենէն՝ շեշտեց, թէ տունը համայնքն է Քրիստոսի ներկայութեամբ՝ դառնալով հաւատքի, սիրոյ ու յոյսի համայնք։

 

Աստուածաշնչական այս ընդհանուր վերլուծումէն ետք, Հայրապետը իր քարոզը կեդրոնացուց երկու մտածումներու շուրջ.-

 

Ա) ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈՐՊԷՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒՆԸ։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ ընտանիքը Աստուածահիմն կառոյց է։ Աստուած ստեղծեց Ադամն ու Եւան եւ անոնց պարտաւորութիւն տուաւ միասին ապրելու, սերնդագործելու եւ միշտ հաւատարիմ ու համարատու ըլլալու Իրեն։ Ճիշդ անոր համար, ընտանիքը նուիրական կառոյց մըն է եւ որոշ իմաստով՝ փոքր եկեղեցի, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը. ապա աւելցուց, թէ այս գիտակցութեամբ ընտանիքը պէտք է ինքզինք կազմակերպէ եւ իր կեանքը լեցնէ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով։

 

Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ դժբախտաբար համաշխարհայնացումը եւ աշխարհայնացումը ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս յառաջացուցած են այնպիսի մտածելակերպեր, գործելակերպեր ու կենցաղակերպեր, որոնք ժխտական անդրադարձ ունեցած են ընտանիքներու կեանքէն ներս՝ լուսանցքայնացնելով բարոյական ու հոգեւոր արժէքները։ Քրիստոնեայ ընտանիքի հոգեւոր ու բարոյական կեանքի վերականգնումը հրամայական է։ Սա եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկն է։ Հոգեւոր ու բարոյական իմաստով ապականեալ ընտանիք մը իր ժխտական անդրադարձը կ՚ունենայ նաեւ եկեղեցւոյ կեանքին, որովհետեւ եկեղեցւոյ հիմքը ընտանիքն է։

 

Բ) ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՐՊԷՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒՆԸ։ Եկեղեցին ոչ քարեղէն կառոյց է եւ ոչ ալ կազմակերպութիւն։ Եկեղեցին ժողովուրդն է, Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է՝ հաւատքով, յոյսով ու սիրով շաղախուած համայնք մը։ Այս ինքնահասկացողութեամբ եկեղեցին իր վկայութիւնը եւ ուսուցողական դերակատարութիւնը պէտք է կազմակերպէ։

 

Դժբախտաբար, այսօր, Աստուծոյ այս տունը եւս կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Աշխարհէն թափանցող երեւոյթներ սկսած են խանգարել եկեղեցւոյ կեանքը՝ ստեղծելով ներքին բաժանումներ ոչ միայն եկեղեցիներու մէջեւ, այլեւ ներեկեղեցական կեանքէն ներս։ Անհրաժեշտ է, որ եկեղեցին վերանորոգումի ու բարեկարգումի ճամբով իր ինքնահասկացողութիւնը վերահաստատէ ու իր ծառայական առաքելութիւնը ամրապնդէ, շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։

 

Ընտանիքը որպէս տուն եւ եկեղեցին որպէս տուն, քրիստոնէական հասկացողութեամբ Աստուծոյ տունը կը դառնան, երբ Աստուած Քրիստոսի ճամբով Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ կենդանի ներկայութիւն է հոն։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է բարոյական ու հոգեւոր իմաստով հզօրացնել ընտանիքը, որպէսզի կարենանք հզօրացնել եկեղեցին իր կեանքով ու վկայութեամբ, եզրակացուց Նորին Սրբութիւնը։

 

Ինչպէս Ս. եւ Անմահ Պատարագի սկիզբը Պեռնի եպիսկոպոս՝ Դոկտ. Հարըլտ Ռայն ողջունած էր Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը, նոյնպէս Պատարագի աւարտին, ան իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ սիրով ընդառաջած էր իր ջերմ հրաւէրին եւ ժողովուրդին փոխանցած էր Քրիստոսի պատգամը։

 

Յայտնենք, որ եպիսկոպոսին որոշումով, Պատարագի ընթացքին եղած նուիրատուութիւնները պիտի փոխանցուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի որբանոցին։

 

Նշենք, որ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու եկեղեցական արարողութեանց եւ պաշտօնական հանդիսութեանց, աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան հանդէս եկաւ հոգեւոր երգերով։

More News