29 Հոկտեմբերի, 2018

ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ

Ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտարարել, որ հրամանաւ եւ քաջալերանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ լոյս տեսաւ 410 էջերու մէջ ամփոփուած մեծածաւալ «ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ» հատորը։

 

Այս աշխատութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջին փորձն է՝ եղածները հաւաքելու, անոնց տէր ըլլալու եւ նոր հեղինակներ քաջալերելու, որպէսզի գրուանի տակ պահուած մեր Եկեղեցւոյ ա՛յս հարստութիւնը լոյս աշխարհի մէջ մնայ։

 

Երգարանը օգտագործելի է բոլոր տարիքներու համար. անիկա ուղեցոյց է հայ վարժարաններու երգի ուսուցիչներուն, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր խմբակցութիւններուն, կիրակնօրեաներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար։

 

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ մեկենասութեամբ տիկին Վիգի Չաթալպաշեանի ի յիշատակ իր ամուսնոյն Երուանդ Չաթալպաշեանի:

More News