26 October, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՊԵՌՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Միջին Արեւելքին Ու Քրիստոնէութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ՝ ընդառաջելով համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին։

 

Իր խօսքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի առնչուած որեւէ նիւթի մասին խօսիլը դիւրին չէ, որովհետեւ ան բարդ շրջան մըն է եւ այսպէս եղած է իր պատմութեան ընթացքին։ Կրօններ, մշակոյթներ, քաղաքակրթութիւններ, ցեղախումբեր, քաղաքական ոյժեր ներկայութիւն եղած են շրջանէն ներս եւ յաճախ՝ բախումի մէջ։ 10-րդ դարէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը ու հայ եկեղեցին եւս մաս կազմած են Մերձաւոր Արեւելքի բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեան ու յաճախ կրած են ազդեցութիւնը բախումներու ու բեւեռացումներու։ Լայն չափով նոյն կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր Միջին Արեւելքը, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը եւ ապա յիշեցուց, թէ կրօնքը առանցքային դեր ունի ընկերութեան կեանքէն ներս։ Կրօնք ու քաղաքականութիւն սերտօրէն առնչուած են, յատկապէս իսլամութեան պարագային եւ շրջանը դիմագրաւող հարցերուն միջեւ ներքին յարակցութիւնը շրջանի կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է։

 

Յիշեալ կացութիւնը կ՚ենթադրէ, որ մեր մօտեցումը Միջին Արեւելքի առնչուած որեւէ հարցի նկատմամբ կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենանք պատմական հոլովոյթը եւ բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեան մէջ քրիստոնէութեան տեղն ու դերը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

 

Ապա, Հայրապետը ընդհանուր ներածականէն ետք անդրադարձաւ հետեւեալ կարեւոր կէտերուն.- Ա) Միջին Արեւելքը ծննդավայրն է միաստուածեան երեք կրօններուն՝ հրէութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան։ Բ) Քրիստոնէութեան ինքնակազմակերպման եւ մտածողութեան զարգացման հոլովոյթը սերտօրէն առնչուած է Միջին Արեւելքին։ Գ) Քրիստոնէութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է շրջանէն ներս տեղի ունեցած պատմական կարեւոր իրադարձութիւններու գծով։ Դ) Երկար դարեր քրիստոնէութիւնը այլ մշակոյթներու ու կրօններու հետ մնայուն երկխօսութեան մէջ եղած է։

 

Յիշեալ իւրաքանչիւր կէտին շուրջ Վեհափառ Հայրապետը կատարեց իր մեկնաբանութիւնը՝ որպէս շօշափելի օրինակ տալով հայ ժողովուրդն ու եկեղեցին Կիլիկիոյ մէջ՝ յիշելով, որ հայ եկեղեցւոյ նման շրջանի բոլոր եկեղեցիները պահելով հանդերձ իրենց աստուածաբանական ու մշակութային իւրայատկութիւնները, մնայուն յարաբերութիւն մշակեցին թէ՛ իրենց անմիջական շրջապատին եւ թէ Եւրոպայի հետ, եւ բնականաբար ենթակայ ըլլալով ազդեցութիւններու։

 

Իր դասախօսութեան երրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ քրիստոնէութեան դիմագրաւած հիմնական դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն մասին։ Այս ծիրէն ներս Ան անդրադարձաւ, թէ արտագաղթը դէպի արեւմտեան երկիրներ մնայուն մտհոգութիւն եղած է շրջանի քրիստոնէութեան համար։ Երկրորդ, քրիստոնեայ համայնքները երբեք չեն ընդունիր փոքրամասնութիւն նկատուելու իրողութիւնը, յատկապէս քաղաքական մօտեցումով։ Երրորդ, որպէս շրջանի երկիրներու լիիրաւ քաղաքացիներ, քրիստոնեաները իրենց պարտաւորութեանց առընթեր միշտ պահանջատէր եղած են իրենց իրաւունքներուն, սակայն, դժբախտաբար, ցարդ անոնք կը մնան իրաւազրկուած։ Չորրորդ, շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ հաստատուած կրթական, ընկերային, առողջապահական ու մարդասիրական հաստատութիւնները նկատուած են լաւագոյնը, նոյնիսկ յարաբերաբար պետական հաստատութիւններու։ Անոնք այսօր կը դիմագրաւեն տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ։ Հինգերորդ, իսլամներուն նման քրիստոնեաները եւս ենթակայ են ծայրայեղականներու որդեգրած կրօնաքաղաքական գաղափարախօսութեանց հետեւանքներուն. հետեւաբար, ճիշդ չէ ըսելը, թէ քրիստոնեաները կը հալածուին։

 

Յիշեալ եւ այլ հարցերու ու մտահոգութիւններու մասին Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ։

 

Ապա, վերոյիշեալ հարցերու ներկայացումէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցներուն մասին՝ որպէս մարտահրաւէրներ։ Իր դասախօսութեան այս բաժինին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.- ա) Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներ հոգեւոր արժէքներու թանգարաններ չեն, այլ ապրող, վկայող ու ծառայող համայնքներ են, նոյնիսկ իրենց ծառայութիւնը կ՚անդրանցնին քրիստոնեայ համայնքներու սահմանները։ բ) Քրիստոնէական միութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է եւ միութիւնը պէտք չէ արտայայտուի սոսկ աստուածաբանական շրջագիծէն ներս, այլ նաեւ ժողովուրդի կեանքէն ներս, յատկապէս գործակցութեան ճամբով։ գ) Եկեղեցիները կոչուած են վերակազմակերպելու իրենց կրթական, ընկերային ու առողջապահական կառոյցները, որոնք կ՚երաշխաւորեն ոչ միայն քրիստոնէութեան ներկայութիւնը, այլ նաեւ ծառայութիւնն ու վկայութիւնը շրջանէն ներս։ դ) Եկեղեցիներ առաջնահերթ կարեւորութիւն անհրաժեշտ է որ տան քրիստոնէական դաստիարակութեան, ներքին աւետարանչութեան, բարեսիրական ծառայութեան եւ տեղեկատուական մարզին։ ե) Միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը թէ՛ Միջին Արեւելեան մակարդակի վրայ եւ թէ Արեւմուտքի հետ կենսական է։ Մեր շրջապատը պէտք է իմանայ, որ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս առանձին չէ, հակառակ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ներքին բաժանումներուն, եկեղեցին մէկ է ու անոր առաքելութիւնը՝ մէկ, աշխարհի բոլոր կողմերը։

 

Միաստուածեան կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը, հաւաքական արժէքներու վրայ հիմնուած, կարեւոր է։ Այս շրջագիծէն ներս, անհրաժեշտ է որ հասարակաց սկզբունքներն ու արժէքները աւելի ամրապնդուին ու ծաւալին եւ միաժամանակ փոխադարձ տարբերութիւնները պէտք է յարգուին։ Նոյնպէս այս մարտահրաւէրներուն Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ շօշափելի օրինակներով։

 

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- 1) քրիստոնէութիւնը կը պատկանի Միջին Արեւելքի պատմութեան, հակառակ իր դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրներուն, ան որոշած է մնալ շրջանէն ներս ու ինքզինք վերակազակերպել ու վերանորոգել։ 2) Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս դրական երեւոյթ մըն է ոչ միայն աշխարհի քրիստոնէութեան համար, այլ նաեւ իսլամութեան համար, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը իր հաւասարակշռուած մօտեցումներով, համամարդկային արժէքներով եւ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ իր կամուրջի դերով կրնայ կարեւոր դեր կատարել շրջանէն ներս, ամէն իմաստով։

 

Շուրջ ժամ մը տեւած դասախօսութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։

 

Յայտնենք, որ դասախօսութենէն առաջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքի պատասխանատու տնօրէնուհիին՝ Անժելա Պերլիսի, ինչպէս նաեւ համալսարանի փրոֆեսորներուն հետ։ Դասախօսութեան սկիզբը տնօրէնուհին խօսք առնելով՝ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը ու Անոր ակադեմական իրագործումները, ինչպէս նաեւ դերակատարութիւնը միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բնագաւառներէն ներս։

 

Յայտնենք նաեւ, որ դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի փրոֆեսորներ եւ յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս պատասխանատուութեան կոչուած պետական ներկայացուցիչներ։

More News