23 Հոկտեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

23 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց անկլիքան եկեղեցւոյ եւ ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը։ 18 անձերէ բաղկացած յանձնախումբը, որ կը գործէ վերջին շուրջ 20 տարիներուն, կը քննարկէ ընդհանրապէս աստուածաբանական ու դաւանաբանական յատուկ կարեւորութիւն ունեցող եւ յատկապէս եկեղեցիներու բաժանման պատճառ հանդիսացած կնճռոտ հարցեր։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնելով կատարուող աշխատանքին գծով՝ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը անցեալէն եկող հարցերու առընթեր նաեւ քննել եկեղեցին յուզող ներկայ ժամանակներու յատուկ ընկերաբարոյական (socio-ethical) խնդիրներ, որոնք նոյնքանով բաժանումներ յառաջացուցած են եկեղեցիներու միջեւ եւ նոյնիսկ նոյն եկեղեցիէն ներս ներքին տարակարծութիւններու դուռ բացած։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կարեւոր նկատեց եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, մանաւանդ հոն՝ ուր եկեղեցիներ ընկերութեան կեանքէն ներս փոքրամասնութիւն են։

 

Յանձնախումբին համա-ատենապետները խօսք առնելով՝ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին հանդիպումին համար եւ խնդրեցին Հայրապետին օժանդակութիւնը իրենց աշխատանքին, յատկապէս բարդ հարցերու քննարկման ծիրէն ներս։

 

Յանձնախումբին անդամ են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։

More News