18 October, 2018

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2018-ին, ամբողջ օրը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար հանդիպումը։

 

Հանդիպման ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուեցան եւ լայնօրէն քննարկուեցան Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած հետեւեալ մարզերը.- քրիստոնէական դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւն, Դպրեվանք, տեղեկատուական աշխատանքներ, կրօնական ու դաստիարակչական հրատարակութիւններ, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթ, ընկերաբարոյագիտական հարցեր, հայրապետական ու հանրապետական մաղթանքներու վերամշակում, ընկերային ծառայութիւն, հայոց ցեղասպանութեան որբերու ու «Կիլիկիա» թանգարաններու առնչուած հարցեր, Վեհափառ Հայրապետին ձեռնադրութեան 50-ամեակ եւ թեմերէն եկած հարցեր ու առաջարկներ։

 

Ընդհանուր քննարկումներէ ետք վերոյիշեալ բնագաւառներուն առնչուած համապատասխան որոշումներ առնուեցան։

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Կրօնական Ժողովի աշխատանքը կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին վերանորոգումը՝ մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու առաւել կենսաւորումով՝ մեր ընտանիքներու ու նոր սերունդի կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ ընդգծեց եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան կենսական կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ եկեղեցին սոսկ հոգեւոր կեդրոն կամ կառոյց չէ, այլ առաքելութիւն է ու ծառայութիւն՝ ուղղուած մեր ժողովուրդին։ Հայրապետը կոչ ուղղեց, որ այս գիտակցութեամբ մեր թեմերէն ներս հոգեւորականներ իրենց նուիրական կոչումը ի գործ դնեն։

 

Յայտնենք, որ Կրօնական Ժողովը բաղկացած է 17 հոգեւորականներէ։ Դիւանին մաս կը կազմեն որպէս ատենապետներ Օշական եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսները, իսկ որպէս ատենադպիրներ Պօղոս եւ Պետրոս վարդապետները։

More News